Յիսուս աշխարհի լոյսն է Յիսուս աշխարհի լոյսն է 

«Յիսուս աշխարհի լոյսն է» Ֆրանչիսկոս Պապին 23 դեկտեմբերի թուիթը

Յիսուսին Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին Ֆրանչիսկոս Պապ անգամ մը եւս շեշտեց տօնին իմաստը։

«Ծննդեան տօնածառը իր լոյսերով մեզի կը յիշեցնէ թէ Յիսուս աշխարհի լոյսն է. Լոյսն է Հոգւոյն որ կը փարատէ թշնամութեան ստուերը ու ճամբայ կը բանայ ներումին՜#ՍուրբԾնունդ»։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, կիրակի 23 դեկտեմբեր 2018-ին, հրապարակած թուիթը որուն մէջ Ան անդրադառնալով Յիսուսին Սուրբ Ծննդեան մօտալուտ տօնին, ուզեց անգամ մը եւս շեշտել այդ տօնին իմաստը ու մեր Փրկիչ Յիսուսի Քրիստոսին առաքելութիւնը. Ան որ աշխարհ եկաւ իր հետ բերելով լոյս մը որ երբեք չի մթագնիր, լոյս մը որ սէր եւ ողորմութիւն կը սփռէ, լոյս որ կը յաղթէ չարին ու մահուան, լոյս որ կեանք կը պարգեւէ, յոյսի եւ սիրոյ լոյս մը որ մեր առօրեան կը ջերմացնէ ու մեզ կը մղէ քալելու դէպի յաւիտենականութիւն տանող սրբութեան ճանապարհին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2018, 13:30