Որոնել

Մարդու Իրաւունքներու միջազգային օր Մարդու Իրաւունքներու միջազգային օր 

Մարդու Իրաւունքի միջազգային օր - Ֆրանչիսկոս Պապ «Ամէն մարդ անզիջելի իրաւունքի տէր է»։

10 դեկտեմբերին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած Մարդու Իրաւունքներու միջազգային օրը։

10 դեկտեմբերին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած Մարդու Իրաւունքներու միջազգային օրը։ 1948-ի Դեկտեմբեր 10-ին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը կ՝ընդունէր Մարդու Իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը: Երկու տարի ետք` 1950-ին նշուեցաւ ''Մարդու Իրաւունքներու համաշխարհային առաջին օրը'':

Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը կը ներառէ քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական իրաւունքներու լայն շրջանակ: Ան արձանագրուած է Կիննեսի ցուցանիշներու գիրքին մէջ, իբրեւ աւելի քան 380 լեզուներով եւ բարբառներով թարգմանուած փաստաթուղթ, ուր կը խօսուի անոր համընդհանուր բնոյթի եւ տարածման ծաւալներու մասին: Այս տարի կը նշուի հռչակագիրի որդեգրման 70 ամեակը։

Մարդու Իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց «Ամէն մարդ անհատ, ստեղծուած Աստուծոյ նմանութեան ու պատկերին համաձայն, ինքնիր մէջ արժէք մըն է.  եւ անզիջելի իրաւունքներու ենթակայ» #Մադրուիրաւունքիմիջազգայինօր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2018, 11:30