Երիտասարդներու նուիրուած եպիսկոպոսաց ժողով Երիտասարդներու նուիրուած եպիսկոպոսաց ժողով 

Անչափահասներուն պաշտպանութեան հայող ժողովի կազմակերպիչ կոմիտէի նամակ՝ եպիսկոպոսներուն։

Անչափահասներուն պաշտպանութեան հայող ժողովի կազմակերպիչ կոմիտէի նամակին մէջ նշուած է, որ «առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ճանչնալ պատահածին ճշմարտութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ՝ 21էն-24 փետրուար 2019-ին, Վատիկանի մէջ կայանալիք անչափահասներուն պաշտպանութեան նիւթին հայող ժողովին առնչութեամբ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով թէ վերոյիշեալ ժողովը կազմակերպող կոմիտէն, յառաջ կը տանի իր աշխատանքը ու թէ ան նամակ մը յղած է ժողովի մասնացկող եպիսկոպոսներուն խնդրելով անոնցմէ հետեւիլ ֆրանչիսկոս Պապին օրինակին՝ մանկապղծութեան արարքի ենթակայ զոհերուն հետ անձական հանդիպումներ ունենալով նախ քան Վատիկանի մէջ կայանալիք վերոնշեալ ժողովը:

Անչափահասներուն պաշտպանութեան հայող ժողովի կազմակերպիչ կոմիտէի նամակին մէջ նշուած է, որ «առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ճանչնալ պատահածին ճշմարտութիւնը» ասոր համար կը հրաւիրենք Եպիսկպոսական համահաւաք դասի ամէն մէկ նախագահ հանդիպում ունենալու կղերի կողմէ մանկապղծութեան թիրախ զոհերու հետ, նախ քան Հռոմի մէջ կայանալիք հաւաքը, իրազեկ դառնալու համար զոհերուն կրած տառապանքին:

«Այս հանդիպումները գործնական ձեւ մըն են զոհերուն ապահովելու համար թէ Փետրուարին կայացած հանդիպումի մասնակիցներու մտքերուն մէջ անոնք կը գրաւեն առաջին տեղը» գրած է կազմակերպիչ կոմիտէն ընդգծելով թէ այդ հանդիպումները ոգեւորուած ըլլալու են «զօրակցութեան, հեզութեան եւ ապաշխարութեան հոգիով» որպէսզի յառաջ ընթանանք մանկապղծութեան տագնապը դիմագրաւելու գործին մէջ»

Նամակին մէջ ապա շնորհակալութիւն կը յայտնուի ժողովի մասնակիցներուն աջակցութեան համար նախապատրաստական այս փուլի ընթացքին հաստատելով նաեւ որ «Սրբազան Քահանայապետը հոմոզուած է որ հաւաքական համագործակցութեան միջոցաւ կարելի դիմագրաւել եկեղեցւոյ առջեւ կայացած մարտահրաւէրներ:

Նամակին հետ ուղարկուած է նաեւ հարցարան մը պատշաճ կերպով պատրաստուելու համար փետրուարի ժողովին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2018, 09:39