Կուատալուփէյի Տիրամօր արձանը Կուատալուփէյի Տիրամօր արձանը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 դեկտեմբերի թուիթը:

Թող Կուատալուփէյի Տիրամայրը պաշտպանէ ամերիկեան ցամաքամասի ժողովուրդները:

12 դեկտեմբերին կը նշուի Ամերիկեան ցամաքամասերու պաշտպան Սրբուհի՝ Կուատալուփէ Տիրամօր տօնը, յիշատակելու համար 1531-ին՝ Մեքսիքոյի մէջ համեստ գիւղացիի մը Տիրամօր երեւումը:

Այս առթիւ հրապարակած թուիթին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցեց, որ շարունակէ թիկունք կանգնիլ Ամերիկեան ցամաքամասի ժողովուրդներուն:

«Կուատալուփէ Տիրամօր Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցենք, որ շարունակէ առաջնորդել ու պաշտպանել Ամերիկեան ցամաքամասի ժողովուրդները»: Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2018, 13:30