12 դեկտեմբերին կը նշուի Ամերիկեան ցամաքամասերու պաշտպան Սրբուհի՝ Կուատալուփէ Տիրամօր տօնը, յիշատակելու համար 1531-ին՝ Մեքսիքոյի մէջ համեստ գիւղացիի մը Տիրամօր երեւումը:
Այս առթիւ հրապարակած թուիթին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցեց, որ շարունակէ թիկունք կանգնիլ Ամերիկեան ցամաքամասի ժողովուրդներուն:
«Կուատալուփէ Տիրամօր Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցենք, որ շարունակէ առաջնորդել ու պաշտպանել Ամերիկեան ցամաքամասի ժողովուրդները»: Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ: