Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթին - Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի նոր տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթին - Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի նոր տնօրէն  

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնն ու փոխ տնօրէնուհին հրաժարեցան իրենց պաշտօնէն. Նոր տնօրէնի անուանում։

44 ամեայ Ալեսսանտրօ Ճիզոթթին 2000 թուականէն անդամ է Ռատիօ Վատիկանի խմբագրական կազմին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Կրէկ Պուրքի եւ Փոխ տնօրէնուհի՝ Փալոմա Կարիսա Օվէյրոյի իրենց պաշտօնէն հրաժարականի դիմումնագիրը,  առժամեայ կերպով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի որպէս ժամանակաւոր տնօրէն նշանակեց Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթին որ մինչեւ այժմ կը վարէր Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի «ընկերային ցանցերու» համակարգողի պաշտօնը։

44 ամեայ Ալեսսանտրօ Ճիզոթթին  ծնած է Հռոմի մէջ։ Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ։ Աւարտած է Հռոմի Լա Սափիենցա համալսարանի «Քաղաքական Գիտութեան» կաճարը ու 1999 թուականէն կը գործէ որպէս լրագրող եւ 2000 թուականէն անդամ է  Ռատիօ Վատիկանի խմբագրական կազմին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2019, 13:05