Որոնել

Փրոֆ Անտրէա Մոնտա Փրոֆ Անտրէա Մոնտա 

Ֆրանչիսոկս Պապ «Օսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին ընդհանուր տնօրէն անուանեց Փրոֆ Անտրէա Մոնտան:

Փրոֆ. Անտրէա Մոնտա ծնած է Հռոմ՝ 22 մարտ 1966ին:

Երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ անուանումով մը Վատիկանի «Օսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթի ընդհանուր տնօրէն՝ Փրոֆ Ճովաննի Մարիա Վիանիին շնորհելով «վաստակաւոր տնօրէնի» տիտղոս, անոր տեղ ընդհանուր տնօրէն նշանակեց Փրոֆ Անտրէա Մոնտան:

Փրոֆ. Անտրէա Մոնտա ծնած է Հռոմ՝ 22 մարտ 1966ին: Ան ամուսնացած է եւ ունի մէկ զաւակ: Յայտնի գրագէտ եւ մենագրող: Յաճախած է Հռոմի Սափիենցա պետական համալսարանը ապա Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանին մէջ մասնագիտացած կրօնագիտութեան մէջ:

2000 թուականէն, կը դասաւանդէ կրօնագիտութիւն Գրիգորեան եւ Լատերանեան համալսարաններուն մէջ:

Ան որպէս լրագրող կը համագործակցի զանազան օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերուն հետ ի շառս Ւտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Աւենիրէ օրաթերթը եւ Յիսուսեաններոււն Չիւիլթա Քաթթոլիքա պարբերաթերթը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2018, 13:05