Տիար Անտրէա Թորնիելլի Տիար Անտրէա Թորնիելլի 

Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական տնօրէնի անուանում։

Վատիկանագէտ Անտրէա Թորնիելլի, Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով, նշանակուեցաւ Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական տնօրէն։

Երեքշաբթի 18 դեկտեմբեր 2018-ին, լրագրող եւ Վատիկանագէտ՝ Տիար Անտրէա Թորնիելլի, Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով, նշանակուեցաւ Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական տնօրէն։

Անտրէա Թորնիելլի ծնած է 19 մարտ 1964-ին Վենետիկի Քիոճճա քաղաքին մէջ։ 1992-էն ի վեր ան աշխատած է իտալական զանազան պարբերաթերթերու խմբագրութիւններուն մէջ ու 2011-ի ապրիլէն սկսեալ համադրած է Իտալական «ԼաՍթամփա» օրաթերթին Վատիկանի լուրերուն յատկացուած «Vatican Insider» կայքը։ Թորնիելլին ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2018, 12:00