Ֆրանչիսկոս Պապին Պուլկարիա եւ Մակեդոնիա կատարելիք ճամբորդութեան նշանաբանները Ֆրանչիսկոս Պապին Պուլկարիա եւ Մակեդոնիա կատարելիք ճամբորդութեան նշանաբանները 

Ֆրանչիսկոս Պապ 2019-ի Մայիսին կ՛այցելէ Պուլկարիան եւ Մակեդոնիան։

Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 5 – 7 մայիս 2019-ին, առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Պուլկարիա եւ Մակեդոնիա։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 5 – 7  մայիս 2019-ին, առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Պուլկարիա եւ Մակեդոնիա։

«Ընդառաջելով երկու հանրապետութիւններու Պետական ու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իշխանութիւններու հրաւէրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 5- 7 մայիս 2019-ին առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Պուլկարիա՝ այցելելով Սոֆիա եւ Ռաքովսքի քաղաքները, հուսկ 7 մայիսին՝ նախկին Եուկոսլավիօ հանրապետութեան Մակեդոնիայի մէջ պիտի այցելէ Սքոփիէ քաղաքը։ Ճամբորդութեան յայտագիրը լոյս կը տեսնէ յետագային» գրուած է Սուրբ Աթոռի մամլող գրասենեակին հրապարակած հաղորդարարութեան մէջ։ 

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութեան Պուլկարիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է «Խաղաղութիւն Երկրի վրայ» որ ներշնչուած  է՝ Պուլկարիայի առաջին առաքելական այցելու՝  Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապի յորդորագիրէն ու կը յատկանշէ աղօթքը՝ զոր Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի արտասանէ Պուլկարիայի մէջ

Մինչ Կալկաթայի Մայր Թերեզային ծննդավայր՝ Սքոփիէ քաղաք առաքելական այցելութեան բնաբանը քաղուած է  Ղուկաս Աւետարանիչէն (Գլ 12, 32). «Մի վախնար փոքրիկ հօտ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2018, 12:27