Որոնել

Վատիկանի «Ռետեմթորէս Մաթեր» մատուռը Վատիկանի «Ռետեմթորէս Մաթեր» մատուռը 

Վատիկանի «Ռետեմթորէս Մաթեր» մատրան մէջ Յիսնակաց շրջանի խորհրդածութիւններու երկրորդ նիստը։

Հայր Քանթալամեսսան շեշտը կը դնէ այն ծարաւի վրայ որ կը յուզէ մարդ էակը՝ «Աստուծոյ փնտռտուքը»

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ ՝ հզօր եւ կենդանի»  (Սաղմոս 42- 2) այս է Քահանայապետական Տան քարոզիչ ՝ Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսայի 2018 տարուայ յիսնակաց շրջանի ընտրած մտածականներու կեդրոնական նիւթը։

Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան 9-ին, Հայր Քանթալամեսսան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Վատիկանի Վերին Իշխանութեան պատասխանատուներու մասնակցութեամբ, ներկայացուց Յիսնակաց շրջանի ուրբաթ օրերու երկրորդ խորհրդածութիւնը։

Առ ի բացատրութիւն այս տարուայ ընտրած նիւթին Քահանայապետական Տան Քարոզիչը նշած է թէ «ժամանակակից մարդիկը ոգեւորուած են այլ մոլորակներու վրայ փնտռելով կենդանի էակներու ներկայութիւնը, մինչ քիչեր են անոնք որոնք ջանք կը դափեն բացայայտելու տիեզերքը ստեղծող Կենդանի Էակին նշանները, որ մուտք գործեց ու կ՛ապրի  մեր պատմութեան մէջ»։ Այս իրականութենէն մեկնելով է որ Հայր Քանթալամեսսան շեշտը կը դնէ այն ծարաւի վրայ որ կը յուզէ մարդ էակը՝ «Աստուծոյ փնտռտուքը» ու այս ուղղութեամբ  կը յանձնարարէ, այս պատրաստութեան շրջանի ընթացքին, պահ մը մէկդի դնել աշխարհի մտահոգութիւնները ու մխրճուիլ մեր հոգողն յաւերժութեան մէջ՝ որ է Աստուած, Անոր հետ հաստատելով մտերմիկ երկխօսութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2018, 09:44