Որոնել

«Մենք պատերազմ չենք ուզեր այլ խաղաղութիւն» «Մենք պատերազմ չենք ուզեր այլ խաղաղութիւն» 

«Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը տակաւին հեռու է» Կարդինալ Զենարի։

«Սուրիոյ հակամարտութիւնը անմեղներու ջարդ մըն է» ըսաւ Կարդինալ Զենարի

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք պատերազմ չենք ուզեր այլ խաղաղութիւն» այսպէս արտայայտուեցաւ մանուկ մը Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն քահանայապետական իրաւասութեամբ հաստատութեան «Սուրիոյ խաղաղութեան համար մոմեր» ձեռնարկին հայող՝ Սուրբ Աթոռի մօտ լեհաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած  մամլոյ ասուլիսի առթիւ ներկայացուած տեսերիզին մէջ։

Մամլոյ Ասուլիսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարի որ Վատիկանի Վատիկան Նիուզ տեղեկատուական կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց թէ խաղաղութիւնը տակաւին հեռու է Սուրիոյ մէջ։  «Պատերազմը վերջ չէ գտած ու քաղաքական լուծումին արդիւնքները դժուարաւ տեսանելի են» ըսաւ Կարդինալ Զենարի ապա ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակի 2 դեկտեմբերի Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ուղղած կոչին ու Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հաստատութեան ձեռնարկին անոր միանալուն՝ վարելով սուրիոյ խաղաղութեան համար յոյսի առաջին մոմը։ Այս ուղղութեամբ Կարդինալ Զենարի յայտնեց թէ Մարեմեան Աղօթքէն ետք ինք հանդիպում ունեցած է Քահանայապետին հետ ու Անոր յայտնած իր խորին շնորհակալութիւնը  այդ յոյսի ժեսթին համար։

Կարդինալ Զենարի նշեց ապա թէ Սուրիոյ մէջ 8 տարուայ պատերազմին արդիւնքը եղաւ Սուրիան բաժնել եւ անոր գնահատումով Սուրիոյ մէջ կան 20 զինեալ հողաշերտեր, որոնցմէ հինգը ունին աշխարհի ամենահզօր բանակը։

«Այս հակամարտութիւնը անմեղներու ջարդ մըն է» ըսաւ ապա Կարդինալ Զենարի նկատել տալով թէ այդ պատերազմին առաջին զոհերը եղան մանուկները,  ակնարկելով հուսկ «50 հազար մոմեր Սուրիոյ խաղաղութեան համար» Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան ձեռնարկին, որով Սուրիոյ եօթը քաղաքներու 50 հազար  մանուկներու մասնակցութեամբ  50 հազար մոմերու վրայ զետեղուեցան մանուկներուն խաղաղութեան նիւթով գծագրութիւններ, Կարդինալ Զենարի հաստատեց «մանուկները պիտի ըլլան խաղաղութեան եւ հաշտութեան դերակատարները, այդ մոմերուն՝ խաղաղութեան եւ ազատութեան մոմերուն լոյսը, պէտք է միշտ վառած պահուի մանուկներու ձեռքերուն մէջ, միջազգային հասարակութեան օգնութեամբ։ Կարդինալ Զենարի Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար կարեւոր նկատեց նաեւ կրօնական ղեկավարներուն դերակատարութիւնը՝ «որոնք պարտականութիւնն ունին ըլլալու հաշտութեան ու խաղաղութեան խթնողները» ըսաւ Ան։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2018, 08:52