Որոնել

Կարդինալ Փարոլինը Մոսուլի մէջ Կարդինալ Փարոլինը Մոսուլի մէջ 

Կարդինալ Փարոլին. «Իրաքի մէջ ականատես եղայ նահատակ եկեղեցւոյ հաւատքին»։

Իրաքի քրիստոնեաները մեծ յոյս ունին որ Քահանայապետը այցելէ երկիրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, 24 – 28 դեկտեմբեր 2018-ին Իրաք կատարած հովուական այցելութենէն վերադարձին, հարցազրոյց ունեցաւ Վատիկանի «Վատիկան Նիուզ» կայքի իտալական բաժնի խմբագրութեան հետ ու արտայայտուելով Իրաքի ճամբորդութեան ու տեղական  քրիստոնէական համայնքին հետ ունեցած հանդիպումներուն, հաստատեց թէ Իրաքի մէջ ականատես եղաւ նահատակ եկեղեցւոյ մը հաւատքի վկայութեան։

«Իմ սրտիս խօսող բազմաթիւ պատկերներ կան մտքիս մէջ, ու այն ինչ որ ինծի յուզմունք պատճառեց Մոսուլի կործանումն էր. Տեսնել քար ու քանդ եղած եկեղեցիներ, տուներ ու շէնքեր, ու միւս կողմէն տեսնել  եկեղեցիները լի հաւատացեալներով։ Մարդիկ,  կիներ, մանուկներ ու երիտասարդներ որոնք միասին կ՛երգէին եւ կ՛աղօթէին։ Այդ պատկերը զիս յափշտակեց» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադարձաւ Մոսուլի մէջ քաղաքի Կառավարիչին հետ ունեցած յատուկ մէկ հանդիպումի մը, «երբ՝ ըսաւ Ծիրանաւորը, կ՛այցելէի Մոսուլի  պատերազմի թիրախ մէկ շրջանը ուր դժուար էր նոյնիսկ քալել, աւերակներուն պատճառաւ, Մոսուլի կառավարիչը, որ եկած էր զիս ողջունելու, որոշ պահուն ձեռքս բռնեց։ Այդ պահը կը նկատեմ գեղեցիկ մէկ պահ, որ պէտք է նաեւ ըլլայ խորհրդանիշը քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ համագործակցութեան տիպարին. Իրար ձեռք երկարել եւ փոխադարձաբար իրար օգնել։ Ճիշդ այդ պահուն անձրեւ կը տեղար ու երկնքի մէջ յայտնուեցաւ ծիածան մը։ Խաղաղութեան խորհրդանիշը, խորհրդանիշը դաշինքին»  նշեց Կարդինալ Փարոլին հաստատելով թէ ինք Իրաք մեկնած էր յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ու թէ տեղական քրիստոնեայ հասարակութիւնը մեծ յոյս ունի որ այդ առաքելութեան յաջորդէ նաեւ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը, որպէսզի իրենց հետ կիսէ աղօթքի, քաջալերանքի եւ յոյսի պահեր։

Հարցազրոյցի աւարտին Կարդինալ Փարոլին ակնարկեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի 2019-ի գործունէութեան ու անոր կատարելիք միջազգային ճամբորդութիւններուն, մաղթանք յայտնելով որ Տէրը թիկունք կանգնի Սրբազան Հօր, որպէսզի ան կարողանայ շարունակել վարել յոյսի նշոյլը ու մարդոց սրտերուն մէջ բորբոքել սէրը։ Շատեր, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին մէջ կը տեսնեն յոյսը՝ աւելի զօրակից  ու աւելի խաղաղ աշխարհի մը յոյսը, յոյսը եղբայրութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2018, 13:46