Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը  

Անարատ Յղութեան Տօնին օրը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Հռոմի ''Փիացցա Տի Սպանիա'' հրապարակը։

Հռոմաբնակ հաւատացեալներուն համար 8 դեկտեմբերը յատուկ թուական է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ  8 դեկտեմբեր 2018 յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին առիթով, կ՛այցելէ Հռոմի  ''Փիացցա Տի Սպանիայի'' նշանաւոր հրապարակը իր կարգին մեծարելու համար հրապարակին  վրայ զետեղուած  ''Անարատ Յղացեալ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ՝՝ արձանը ու այնտեղ կատարած աղօթքով  կ՛եզրափակէ Հռոմի Ժողովուրդին  աւանդական բարեպաշտութեան օրակարգը։

Հռոմաբնակ հաւատացեալներուն համար 8 դեկտեմբերը յատուկ թուական է։ Արշալոյսէն կը սկսի հաւատացեալներու հոսքը դէպի Սպանիա հրապարակ, այնտեղ ծաղիկ կամ ծաղկեփունջ զետեղելու ու նաեւ հայցելու՝ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը։

8 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ, Հռոմի հրշէջները, ի յիշատակ իրենց 220 գործընկերներուն, որոնք 8 դեկտեմբեր 1857ին բացումը կատարած էին արձանին, առաջինները կը հանդիսանան որոնք  փութալով Սպանիա հրապարակ կը մեծարեն Սուրբ Կոյսին արձանը։ Հրշէջներէն ամենէն տարեցը կը բարձրանայ դէպի արձանը եւ Աստուածածնայ բազուկին վրայ կը զետեղէ ծաղկեպսակ մը, արժանանալով ներկայ հաւատացեալներուն եւ հետաքրքիրներու ծափողջոյններուն։

Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ այս արձանը, զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ  կոթողի  մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 220 հրշէջներով։ Այդ թուականէն ասդին, Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը ամէն տարի կը կատարուի մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով, եւ 1953 սկսեալ այդ տօնին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հռոմի Պապը։ Արարողութեան կը մասնակցին ի մէջ այլոց մայրաքաղաքին քաղաքական թէ եկեղեցական ներկայացուցիչները։

Նշենք թէ նախ քան Փիացցա Տի Սպանիա ժամանելը Ֆրանչիսկոս Պապ այցելութիւն կու տայ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած  «Մարիա Մաճճորէ» Քահանայապետական Պազիլիքա ուր  Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր Սրբապատկերին ոտքին կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը։ Մինչ Փիացցա Տի Սպանիայի մէջ կայացած արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Փիացցա Տի Սպանիայի մօտ գտնուող «Իլ Մեսսաճճերօ» Իտալական օրաթերթի խմբագրատունը ուր հակիրճ հանդիպում կ՛ունենայ օրաթերթին խմբագրական կազմին հետ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2018, 08:15