Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գահաժառանգ Մոհամմատ Պին Զայէտ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գահաժառանգ Մոհամմատ Պին Զայէտ 

Արաբական Էմիրութիւններ. Կաթողիկէներ եւ Իսլամներ Քահանայապետին կը սպասեն։

Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ Քահանայապետը կը մասնակցի միջ կրօնական ձեռնարկի մը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ապու Տապիի մէջ կազմակերպչական մեքենան գործի լուծուած է հիւրընկալելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ Արաբական Էմիրութիւններ պիտի այցելէ 3էն 5 Փետրուար 2019-ին, հանդիսանալով առաջին Քահանայապետը որ այցելութիւն կու տայ Արաբական թերակղզիին, ուստի՝ պատմական այցելութիւն։ Այս առընչութեամբ արժանի է նշել որ Սրբազան Քահանայապետը  մարտ 30 եւ 31 պիտի այցելէ այլ իսլամ երկիր մը՝ Մարոքը։

Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ Ան պիտի մասնակցի Իսլամ հաստատութեան մը կողմէ կազմակերպուած  միջ կրօնական ձեռնարկի մը։ Ըլլայ Արաբական Էմիրութիւններ ըլլայ Մարոք ճամբորդութիւնը կը զուգադիպի՝ 1219-ի Եգիպտոսի Տամիեթթա շրջանի մէջ կայացած Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Մալիք Ալ Քամիլ Սուլթանի միջեւ հանդիպումի 8րդ դարադարձին։

Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը պիտի դիմաւորուի փոքրամաս կաթողիկէ հասարակութեան մը կողմէ, որ մեծամասնութեամբ կազմուած է Ասիայէն եւ Ափրիկէէն ժամանած աշխատաւորներէ որոնք կը կազմեն բնակչութեան 10 առ հարիւրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2018, 09:09