Որոնել

Աղքատներու Ծննդեան ճաշ (Սանդ Էճիտիօ) Աղքատներու Ծննդեան ճաշ (Սանդ Էճիտիօ) 

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ աղքատներուն համար սիրոյ սեղան։

Ձեռնարկը իրականացուած է ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին՝ Ծնունդը ապրիլ զօրակցութեան ու բաժնեկցութեան հոգիով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 18 դեկտեմբեր 2018-ին, Քասթելփորցիանիոյի Իտալիոյ Հարկային Տեսչութեան մարզական համալիրին ներքոյ, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, կազմակերպուած է աղքատներու նուիրուած Ծննդեան սիրոյ սեղան  մը, նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական Ողորմաբաշխ գրասենեակի եւ նուիրատուութեամբ Իտալիոյ Պետեկամուտներու կոմիտէի մարզական խումբին։

Կէսօրուան ճաշը պիտի պատրաստեն նոյնինքն մարզիկները, որոնք ապա սեղանին պիտի ծառայեն, աղքատներուն հետ բաժնեկցելով  ընտանեկան մթնոլորտի մէջ ուրախութեան օր մը, անոնց նուիրելով նաեւ խորհրդանշական նուէրներ։

Ձեռնարկի իրականացումը կարելի եղաւ շնորհիւ « Athletica Vaticana» Վատիկանի մարզական խումբին, որ ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին՝ Ծնունդը ապրելու զօրակցութեան ու բաժնեկցութեան հոգիով, յատկապէս կարիքաւորներուն հետ, ուզեցին այդ սիրոյ եւ եղբայրութեան վկայութիւնը տալ մարզանքի ոճի միջոցաւ։ Մարզանքը որ իր բնութեամբ կը նախատեսէ ներառումը եւ արժանապատուութեան յարգանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2018, 12:06