Առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանշանը Առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանշանը 

3 – 5 Փետրուար 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Արաբական Էմիրութիւնները։

Այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ նաեւ ընդառաջելով Արաբական Էմիրութիւններու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է թէ յառաջիկայ 3 – 5 Փետրուար 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Արաբական Էմիրութիւնները։

«Ընկալելով Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան Նորին Վսեմութիւնը Շէյխ Մոհամմատ Պին Զայէտ Ալ Նահեանին հրաւէրը, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ապու Տապին պիտի այցելէ յառաջիկայ  3-5 փետրուար 2019-ին, այնտեղ մասնակցելու համար «Մարդկային Եղբայրութիւն» միջազգային միջկրօնական հանդիպումին։ Այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ նաեւ ընդառաջելով Արաբական Էմիրութիւններու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրին»։ Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք թէ սոյն առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է «Զիս դարձուր քու խաղաղութեանդ ալիք» մինչ խորհրդանիշն է խաղաղութիւնը յատկանշող աղաւնին որ իր կտուցին մէջ բռնած է ձիթենիի ճիւղ մը, մինչ թեւերուն վրայ կը կրէ Արաբական Էմիրութիւններու դրօշի գոյները։ 

Վերոնշեալ առաքելական ճամբորդութեան բնաբանին մասին արտայայտուելով Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հաստատեց թէ «այս ճամբորդութիւնը, նման Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան, ապացոյց է Սրբազան Քահանայապետին միջ կրօնական երկխօսութեան տուած կարեւորութեան։ Սրբազան Քահանայապետին արաբական աշխարհ այցելութիւնը կատարել օրինակ կը հանդիսանայ հանդիպումի մշակոյթին» ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2018, 12:24