Սուրբ Ծննդեան համերգ Սուրբ Ծննդեան համերգ 

Վատիկանի մէջ Սուրբ Ծննդեան բարեսիրական համերգը։

Համերգը նախաձեռնուած է Սուրբ Աթոռի Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կողմէ ու կազմակերպուած «Prime Time Promotions» ընկերութեան կողմէ։

Շաբաթ 15 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան 9.30-ին,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, աշխարհահռչակ երգիչներու եւ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Ծննդեան բարեսիրական համերգը որ նախաձեռնուած է Սուրբ Աթոռի Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կողմէ ու կազմակերպուած «Prime Time Promotions» ընկերութեան կողմէ համագործակցութեամբ, Ուկանտայի մէջ գործող Տոն Պոսքոյի առաքելութիւն ու Էրպիլի եւ Իրաքի ի նպաստ գործող «Սքոլաս Օքուրենդէս» Քահանայապետական Հիմնարկին։ Համերգին եկամուտը արդարեւ պիտի յատկացուի վերոնշեալ եկեղեցական երկու կազմակերպութիւններուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2018, 09:17