Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Իրաքի մէջ Կարդինալ Փարոլին Իրաքի մէջ 

Կարդինալ Փարոլինի այցը Իրաք. «Կանչուած ենք լուսաւորելու վախի խաւարները»։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը Սուրբ Ծննդեան տօնական օրերը կ՛անցնէ Իրաքի մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ, 24էն 28 դեկտեմբեր 2018-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղարը՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, կը գտնուի Իրաքի մէջ, ուր Սուրբ Ծննդեան օրը Պաղտատի Քաղդէացիներու Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Պատրիարք Լուիս Ռաֆայել Սաքոյի հետ միասին մատուցեց Ծննդեան Սուրբ Պատարագը, ապա այցելեց Ասորի կաթողիկէներու աթոռանիստ եկեղեցին ու Պաղտատի մէջ գործող ալ բարեսիրական հաստատութիւններ։ Մինչ 26 դեկտեմբերին ան փոխադրուեցաւ Էրպիլ ուր հանդիպումներ ունեցաւ տեղական կառավարական իշխանութիւններուն հետ, իսկ 28  դեկտեմբերին կ՛այցելէ Նինվէն՝ ու Քարաքոշ քաղաքին մէջ Յունաստանի Իգնատիոս Պատրիարքին հետ միասին կը մատուցէ  սուրբ պատարագը։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը իր այս այցելութեամբ ուզեց իր հետ տանիլ Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյններն ու մօտիկութեան զգացումները ինչպէս նաեւ յոյսի պատգամ մը։

«Որպէս անհատներ եւ որպէս հասարակութիւն, քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ կանչուած ենք լուսաւորել վախի եւ ունայնութեան խաւարը ու խաւարը անպատասխանատուութեան եւ ատելութեան, սերմանելով խաղաղութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան, ազատութեան ու սիրոյ սերմեր» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին Իարքին ուղղած իր Ծննդեան պատգամին մէջ Իրաքի վարչապետ Ատիլ Ապտուլ Մահտիին հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին։  Պատգամին մէջ Կարդինալ Փարոլին «Սիրեցեալ իրաքցի ժողովուրդին» փոխանցեց Ֆրանչիսոս Պապին կարեկցութիւնը ընդգծելով մէկը միւսին տարբերութիւնները ընկալելու կարեւորութիւնը, խուսափելով մէկը միւսին դէմ պայքար մղելու փորձութենէն ու ուրիշին մէջ բացայայտելով փոխադարձ հարստութեան մը կարելիութիւնը։

Շնորհակալութիւն Իրաքի քրիստոնեաներու օրինակելի վկայութեան համար

Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ «այդ գիշերը նման է բազմաթիւ այլ գիշերներու, ձեր ընտանիքներուն ապրած անքուն գիշերներուն, երբ ապրեցաք դաժան տառապանք, սակայն միեւնոյն ատեն այդ գիշերը տարբեր է միւսներէն, որովհետեւ խոստումները կ՛իրականան» յարեց Ծիրանաւորը  շեշտը դնելով ատելութիւնը յաղթահարելու կարեւորութեան վրայ, ապա խօսքը ուղղելով Իրաքցի քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ըսաւ. «մենք շնորհակալ ենք ձեր վկայութեան համար որ միշտ աւելիով դարձաւ կենդաի օրինակ աշխարհի համայն քրիստոնեաներուն համար։ Հաստատ մնացէք ձեր հաւատքին մէջ ու նաեւ սիրոյ մէջ ու միշտ աւելիով դարձէք  եղբայրութեան ու խաղաղութեան աշխարհի կառուցողները, զօրացած Բեթղեհէմի Մանուկին լոյսով, որ ծնաւ մեզի ու մեր փրկութեան համար»։

Մինչ Սուրբ Ծննդեան պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Փարոլին անդրադառնալով փրկութեան պատմութեան հաստատեց թէ «այդ պատմութիւնը յատկանշուած է տառապանքներով ու ցաւերով սակայն երբեք պակաս չէ Աստուծոյ թիկունքն ու անոր հաւատարմութիւնը։ Վստահ եղէք որ Ֆրանչիսկոս Պապ ձեզի մօտ է, ձեզ կը կրէ իր սրտին մէջ ու յարատեւ կ՛աղօթէ ձեզի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2018, 09:47