Կարդինալ Փարոլինի ելոյթը կլիմայի փոփոխութեան հայող 24 երկիրներու գագաթնաժողովին:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեհաստանի մէջ գումարուած կլիմայi փոփոխութեան 24 երկիրներուն գագաթնաժողովին իր մասնակցութիւն բերած է նաեւ Վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին:
Այա առթիւ ներկայացուած ելոյթին մէջ, Վատիկանի Պետական քարտուղարը, ֆրասնչիսկոս Սրբազան Պապին ողջոյնները ու քաջալերանքը փոխանցեց գագաթնաժողովի մասնակիցներուն ՝անոնց կլիմայի փոփոխութեան հարցերուն լուծման ի գործ դրած ջանքերուն համար :
Ծիրանաւորե ապա անդրադառնալով ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան հայող ժողովին ընթացքին միջկառավարական խումի կողմէ ներկայացուած տեղեկագիրին, որուն ընդմէջէն ի յայտ կու գայ որ Պետութիւններուն կողմէ որդեգրուած միջոցառումները բաւարար չեն նկատուիր սահմանափակելու կլիմայի համաշխարհային ջերմաստիճանը Կարդինալ շեշտեց որ կարիքը կայ զօրաւոր կամքի եւ քաղաքական յստակ միջոցառումներուն:
Ան յարեց թէ Սուրբ Աթոռը կլիմայի փոփոխութեան հայող աշխատանքներու ծիրէն ներս կարեւոր կը նկատէ երեք անկիւնաքարեր որոնց վրայ պէտք է հիմնել աշխատանքները . յստակ բարոյական հիմքի կարեւորութիւն որ յանձնառու է զարգացնելու մարդկային անձի արժանապատուութիւնը, չքացնելու աղքատութիւնը եւ խթանելու մարդկային համապարփակ զարգացումը ՝ մեղմացնելով կլիմայի փոփոխութեան ազդդեցութիւնը՝ պատախասնատու միջոցարումների միջոցաւ եւ ուշադրութիւն դարձնելով այսօրուան եւ վաղուան կարիքներուն:
Կարդինալ Փարոլին առաջարկեց որ կլիմային փոփոխութեան աշխատանքներու համար որդեգրել սպառողականութեան տիպարներ, արտադրութեան նմուշներ ապա դատապարտեց ու կոչ ուղղեց ամրապնդելու կաշառակերութեան կանխարգիլման գործընթացը:
Կլիմայի փոփոխութեան արդիւնաւէտութեան համար կարիք կայ տեղական բնակչութեան, ներառեալ բնիկ ժողովուրդներու լիարժէք մասնակցութիւնը, որոշումներու կայացման եւ իրականացման գործընթացներուն մէջ ըսաւ Կարդինալ Փարլոին նշելով թէ Փարիզի համաձայնագիրի արդիւնաւետման համար պէտք է ստեղծել աշխատատեղիներ հաշուի առնելով մարդու իրաւունքներու եւ ընկերային պաշտպանութիւնը. Յաղթահարել աղքատութիւնը ՝ ուշադրութիւն դարձնելով խոցելի մարդոց:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ