Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդատու ինը կարդինալներու 27-րդ ժողովը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այս օրերուն՝ 10-12 դեկտեմբեր 2018-ին, Վատիկանի մէջ գումարուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի խորհրդատու 9 կարդինալներու 27- րդ ժողովը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը:
Յիշեալ կարդինալներուն խորհուրդը հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 2013-ին, նպատակ ունենալով օգնել քահանայապետին տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման մէ, ու պարտականութիւն ունենալով ուսումնասիրել առաքելական սահմանադրութեան նոր նախագիծ մը ։
10 դեկտեմբերին սկիզբ առած կարդինալներուն 27-րդ ժողովի աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ՝ չորեքշաբթի 12 դեկտեմբեր:
Յայտնենք թէ 10-12 սեպտեմբերի 2018-ին- կարդինալներուն խորհուրդին վերջին ժողովին աշխատանքները կեդրոնացած էին նոր առաքելական սահմանադրութեան նախագիծին ՝վերջին փոփոխութիւններուն վրայ:
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնուեցաւ առաքելական սահմնադարութեան նախագիծը- որ կանոնական վերատեսման ենթարկուեցաւ:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հիմնուած կարդինալներու խորհուրդի առաջին ժողովը գումարուած էր 1-3 հոկտեմբեր 2013-ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ