Քահանայապետական Տան քարոզիչը Քահանայապետական Տան քարոզիչը 

Քահանայապետական Տան քարոզիչը «Աստուած մեր մէջ կը գտնուի» :

Ծանրաբեռնուած մեր ամենօրեայ պարտականութիւններով ու դիմագրաւելիք հարցերով, կ՝անտեսենք Աստուծոյ հետ մեր անհատական յարաբերութիւնը, որ առաջնահերթ պայման կը նկատուի կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական Պալատի Redemptoris Mater անուան մատրան մէջ սկիզբ առաւ յիսնակաց շրջանի Քահանայապետական տան քարոզիչ ՝ Հայր Քանթալամեսսայի խորհրդածութիւններու շարքը՝ ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայպետին:

Այս տարուան յիսնակաց շրջանի խորհրդածութիւններուն նիւթն է «Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ ՝ հզօր եւ կենդանի» ՝ քաղուած սաղմոսարանէն (Սաղմոս 42- 2):

Հայր Քանթալամեսսա, յիսնակաց շրջանի ներկայացուցած առաջին քարոզին մէջ անդրադառնալով ժամանակակից աշխարհի մարդոց, որոնք զբաղուած են բանակային եւ կենդանի էակներու գոյութեան նշանները որոնելու մէջ, դիտել տուաւ, որ քիչեր կ՝ուսումնասիրեն եւ կը որոնեն տիեզերքը ստեղծող Կենդանի էակը որ պատմութեան մէջ մտաւ ու ապրեցաւ:

Քահանայապետական Տան քարոզիչը նկատել կու տայ, որ իսկական կենդանի էակը մեր մէջ կը գտնուի եւ մենք կ՝անտեսենք զայն, որոնելով այլ հաւանական կենդանի էակներ, որոնք քիչ օգուտ են եւ մեզ չեն փրկեր մահէն:

Ան նշեց թէ, ծանրաբեռնուած մեր ամենօրեայ պարտականութիւններով ու դիմագրաւելիք հարցերով, կ՝անտեսենք Աստուծոյ հետ մեր անհատական յարաբերութիւնը, որ առաջնահերթ պայման կը նկատուի կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու ՝ առանց մեր խաղաղութիւնն ու համբերութիւնը կորսնցնելու :

Հայր Քանդալամեսսա կ՝ընդգծէ, թէ Աստուծոյ Որդին ինքզինք կը նուիրէ մեզի ՝ ուր որ ալ գտնուինք՝ անկախ աշխարհագրական վայրերէն եւ իրողութիւններէն,  ով որ Անոր դուռը բախէ , Աստուած պիտի բանայ իր սրտի դուռը:

Հայր Քանթալամեսսան կ՝եզրափակէ իր քարոզը յիշելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի կեանքի խաւար պահերէն մին՝ պատճառուած իր եղբայրակիցներուն վարած կեանքի ապրելակերպէն: Սուրբ Ֆրանչիսկոս ոտքի կը վերականգնի՝ ոգեւորուած Աստուծոյ գոյութեան ստուգութենէն, ըսելով «սա բաւարար է»:

Քահանայապետական Տան Քարոզիչը կը յորդորէ, որ մենք եւս կրկնենք Սուրբ ֆրանչիսկոսի պարզ խօսքը,  երբ՝ եկեղեցւոյ եւ մեր կեանքի մէջ կը հանդիպինք Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ապրած նման կացութիւններուն, ըսելով «Աստուած կայ եւ սա բաւարար է:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2018, 12:59