Որոնել

«50 հազար մոմեր Սուրիոյ Խաղաղութեան համար» «50 հազար մոմեր Սուրիոյ Խաղաղութեան համար»  

«50 հազար մոմեր Սուրիոյ Խաղաղութեան համար» Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի քարոզարշաւը։

Միացեալ Ազգերու վերջին տուեալներու համաձայն, երկիրն մէջ Սուրիոյ մէջ 13 միլիոն անձեր կարիքը ունին մարդասիրական օգնութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 3 դեկտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ Լեհաստանի դեսպանատան մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի «50 հազար մոմեր Սուրիոյ Խաղաղութեան համար» բնաբանով նոր քարոզարշաւին։

Վերոնշեալ ծրագիրի ծիրէն ներս, անցեալ օրերուն, Սուրիոյ պատերազմէն յօշոտուած եօթը քաղաքներու 50 հազար մանուկներ իրենց մոմերուն վրայ գծագրեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող գծագրութիւններ։

Ծրագրի ներկայացումին ելոյթ ունեցան ի մէջ այլոց՝ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի ընդհանուր Քարտուղարը՝ Ֆիլիփ Օզորէս, Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպան՝ Կարդինալ Մարիօ Զենարի, եւ ի շարս այլ կրօնաւորներու եւ եկեղեցականներու՝ Քոյր Անի Տեմիրճեան, Յիսուսի եւ Մարիամու կրօնական միաբանութեան անդամ։

Քարոզարշաւի ծիրէն ներս կազմակերպուած է նաեւ միջազգային դրամահաւաքի արշաւ մը ի նպաստ Սուրիոյ մէջ հովուական խնամակալութեան ծրագիրներու։

«Սուրիոյ մէջ իրավիճակը կը մնայ ողբերգական։ Միացեալ Ազգերու վերջին տուեալներու համաձայն, երկիրն մէջ 13 միլիոն անձեր կարիքը ունին մարդասիրական օգնութեան, 6.6 միլիոն անձ տեղահանուած է ու այլ 3 միլիոն անձ կ՛ապրի անթոյլատրելի կամ պաշարուած վայրերու մէջ։  Այսպիսի ցաւալի իրավիճակի մը մէջ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը  գոյատեւումի եւ վերապրումի մեծ պայքար մը մղէ։ Մինչ պատերազմէն առաջ քրիստոնեաները կը կազմէին բնակչութեան 10 առ հարիւրը, այսօրուայ դրութեամբ անոնց թիւը իջած է 3 առ հարիւրի այսինքն գրեթէ 700 հազար մարդ։

Յայտնենք թէ Կիրակի 2 դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն իր ուղղած խօսքին մէջ յատուկ օրէն անդրադարձաւ  «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» Քահանայապետական իրաւասութեամբ բարեսիրական կազմակերպութեան՝  «Սուրիոյ Խաղաղութեան համար մոմեր» բնաբանով Սուրիոյ ի նպաստ ձեռնարկած աղօթքի եւ զօրակցութեան քարոզարշաւին։

«Յիսնականցը յոյսի ժամանակաշրջան է» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ասոր համար կ՛ուզեմ իմս ընել Սուրիոյ մանուկներու խաղաղութեան յոյսը։ Ասոր համար միանալով Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն ձեռնարկին, այժմ պիտի վարեմ մոմ մը, Սուրիացի մանուկներու եւ աշխարհի բազմաթիւ հաւատացնելներու հետ միասին, որոնք այսօր կը վարեն իրենց մոմերը։

Թող այս յոյսի բոցերը փառատեն պատերազմին խաւարը։ Աղօթենք եւ օգնենք քրիստոնեաներուն՝ որպէսզի մնան Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքին մէջ որպէս ողորմութեան, ներումի եւ հաշտութեան վկաներ» ըսաւ Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով «որ այդ յոյսի բոցը հասնի բոլոր անոնց որոնք այսօր կ՛ապրին հակամարտութեան ու լարուածութեան իրավիճակը աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ։ Թող որ Եկեղեցւոյ աղօթքը օգնէ անոնց զգալու համար հաւատարիմ Աստուծոյ մօտիկութիւնը եւ թող որ այդ աղօթքը դպչի բոլոր խիղճերուն՝ խաղաղութեան ի նպաստ անկեղծ յանձնառումի համար ու թող որ պատերազմ յարուցող ու զէնք արտադրողներուն սրտերը դարձի գան։ Աղօթենք Սուրիոյ խաղաղութեան համար»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2018, 12:30