Որոնել

Կարդինալական Խորհուրդի ժողովը Կարդինալական Խորհուրդի ժողովը 

Քահանայապետի խորհրդատու Կարդինալներու խորհուրդի 27 ժողովը։

Կարդինալական խորհուրդի յառաջիկայ ժողովը պիտի գումարուի 18, 19 եւ 20 փետրուար 2019-ին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետի խորհրդատու Կարդինալներու խորհուրդը՝ երկուշաբթի 10, երեքշաբթի 11 եւ չորեքշաբթի 12 դեկտեմբերին, գումարեց իր 27-րդ ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարդինալներ ՝ Օսքար Ռոտրիկէս Մարատիակա, Ռէյնարտ Մարքս, Սին Փաթրիք Օմալլէյ, Ճուզեփփէ Պերթելլօ, եւ Օզվալտ Կրասիա։ Կարդինալ Փարոլինը բացակայ էր որովհետեւ  առաքելութեամբ մեկնած է Մարաքէշ,  Սուրբ Աթոռը ներկայացնելու՝  ՄԱԿ-ի գաղթականներու « Global Compact» միջ-պետական համաժողովին։ Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը բացակայեցաւ միայն չորեքշաբթի առաւօտեան, իր նախագահած Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան պատճառաւ։ ։

Տրուած ըլլալով որ 26-րդ ժողովի աւարտին (10-12 սեպտեմբեր 2018) Կարդինալներու Խորհուրդը Քահանայապետէն խնդրած էր վերատեսել Խորհուրդի կազմը, նկատի առնելով նաեւ անոր մի քանի անդամներուն տարիքի յառաջացումին, Ֆրանչիսկոս Պապ հոկտեմբեր ամսոյն աւարտին, նամակ կը յղած էր Կարդինալ Ժորժ Փելին, Կարդինալ Ֆրանսիսքօ Խավիէ Էրրացուրիսին եւ Կարդինալ Լորան Մոնսէնկվօ Փազինիային, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մինչեւ այդ ժամանակ մատուցած ծառայութեան ու աշխատանքին համար։ Առ այժմ չէ նախատեսուած այդ կարդինալներուն տեղ նոր ադամներու նշանակում։

27-րդ ժողովին նիստերը տեղի ունեցան առաւօտեան 9էն մինչեւ 12.30 եւ յետմիջօրէի 16.30-19։ Խորհրդատու Կարդինալները քննարկեցին զանազան նիւթեր, որոնց շարքին՝ Սուրբ Աթոռի ծախսերու  խնայողութեան հարցը, Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներուն հետ «մանուկներու պաշտպանութեան» նիւթին հայող 21 -24 փետրուար 2019-ին Վատիկանի մէջ կայանալիք ժողովը եւ Հռոմի Քուրիայի առաքելական սահմանադրութիւնը։ Կարդինալները յատուկ կերպով անդրադարձան  Հաղորդակցութեան Բաժանմունքին հայող հարցերուն։

Ժողովի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ժողովականներուն ներկայացուց  հոկտեմբեր ամսոյն աւարտին Կարդինալական Խորհուրդի որպէս օգնական քարտուղար նոր նշանակուած Գերապայծառ Մարքօ Մելլինոն։ Ներկայացուեցաւ նաեւ «Առաքելական Սահմանադրութեան» նոր նախագիծ մը որ յանձնուեցաւ Սրբազան Պապի որուն առժամեայ տիտղոսն է «Քարոզել Աւետարանը» ։

Ժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցան Սուրբ Աթոռի  Տնտեսութեան խորհուրդը համադրող՝ Կարդինալ Մարքսը որ ներկայացուց ծախսերու խնայողութեան մասին առաջարկներ։ Ապա Հաղորդակցութեան միջոցներու բաժանմունքի կառավարիչը՝ Տիար Փաոլօ Ռուֆինի, կարդինալներուն ներկայացուց Վատիկանեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ծիրէն ներս բարեկարգումներու գործընթացքը։ Ի վերջոյ Փրոֆ Վինչենցօ Պոնոմոն կարդինալական խորհուրդին ներկայացուց Վատիկանի Պետական օրէնքի փոփոխութեան մասին տեղեկութիւններ։

Կարդինալական խորհուրդի յառաջիկայ ժողովը պիտի գումարուի 18, 19 եւ 20 փետրուար 2019-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2018, 14:16