Մարոնի Եպիսկոպոսները Կարդինալ Սանտրիին հետ Մարոնի Եպիսկոպոսները Կարդինալ Սանտրիին հետ 

Մարոնի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Մարոնի Եկեղեցին մաս կը կազմէ Մերձաւոր Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ընտանիքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 20 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Մարոնի Եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքը ու իրեն ընկերացող Մարոնի եպիսկոպոսները, անոնց Սուրբ Պետրոսին կատարած կանոնական հնգամեայ այցելութեան առիթով։  Սրբազան Պապը հուսկ Վատիկանի Քլեմենթիա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Մարոնի Հիմնարկի» անդամներուն ու Լիբանանի կառավարական ներկայացուցիչներուն։

Մարոնի Եկեղեցին մաս կը կազմէ Մերձաւոր Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ընտանիքին։ Արեւելքի մէջ կաթողիկէները բաղդատմամբ օրթոտոքսներուն փոքրամասնութիւն են, ի  բացառեալ Լիբանանէն  ուր մարոնիները քրիստոնեաներու  70 առ հարիւրը կը  կազմեն։

Լիբանանի մէջ, քրիստոնեաներու 50 տոկոսը Մարոնիթ դաւանանքի  կը պատկանի, նոյնքան եւս ցրուած են այլ գաղթավայրերու մէջ։ 

Մարոնի եկեղեցւոյ ծագումը։

Սուրիոյ Ափամէա քաղաքի Սուրբ Մարոնի վանքէն, Ե. դարուն  վանական փոքր միաբանութիւն մը, խոյս տալով  «միաբնութենականներու» հալածանքներէն, ապաստան կը գտնէ եւ կը հաստատուի  Լիբանանի լեռները։ 1182-ին, Խաչակիրները  կը թոյլատրեն անոնց որ  միութիւն կնքեն Հռոմի Աթոռին հետ։ Մարոնի եկեղեցին միակ արեւելեան եկեղեցին է որ ծագում չէ առած օրթոտոքս եկեղեցիէ մը անջատումէն։

1860-ին, Մարոնիներու դէմ գործադրուած ջարդի ընթացքին,  անոնք միջամտութեան կոչ կ՛ուղղեն քահանայապետին։ Սակայն ֆրանսան է որ անոնց կը հանդիսանայ պաշտպան,  Օսմանեան Կայսրութիւնը ստիպելով ընդունիլ երկրին՝ Լիբանանի  ինքնավարութիւնը։

Լիբանանի կառավարական վարչաձեւը դաւանանքային է այս քաղաքականութիւնը սակայն  պատճառ դարձած է երկու  քաղաքացիական արիւնալի բախումներու՝ 1958-ին,  եւ 1975-էն 1989 որ վերջ գտաւ Թայէֆի դաշինքով (1989-ին)։ Այդ բանակցութիւնները նուազեցուցին նախագահին (Քրիստոնեայ մարոնիթ)  իշխանութիւնը  ի նպաստ վարչապետին (Իսլամ Սիւննիթ) եւ Ազգային Ժողովի Նախագահին (Իսլամ Շիիթ)։

Լիբանանի դաւանանքային քաղաքականութեան բերումով Եկեղեցին, եկեղեցական դասը, եւ վանական միաբանութիւնները  այսօր մեծ դեր մը ունին երկրի տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան մէջ։

Մարոնիներու թիւը ըստ 2006-ի տուեալներուն՝ 3.112.000 է որոնց  երկու երրորդը արտասահմանի մէջ կը գտնուին։

Մարոնի եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետն է Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի մարոնիներու Պատրիարք՝ կարդինալ Պշարա Ռայի, որուն աթոռը կը գտնուի Տիմանի մէջ մինչ բնակավայրը՝  Պքէրքէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2018, 12:35