Ֆրանչիսկոս Պապ եպիսկոպոսներու հետ միասին Ֆրանչիսկոս Պապ եպիսկոպոսներու հետ միասին 

Իրանի Եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Իրանի գրեթէ 80 միլիոն բնակչութեան միայն վաթսուն հազարը քրիստոնեայ են, որոնցմէ միայն 11 հազարը կաթողիկէ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 23 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդները, անոնց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Իրանի գրեթէ 80 միլիոն բնակչութեան միայն վաթսուն հազարը քրիստոնեայ են, որոնցմէ միայն 11 հազարը կաթողիկէ ։ Քրիստոնեայ ամենամեծ համայնքը կազմուած է հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատկան հաւատացեալներէն, մինչ բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Շիիթ Իսլամներ են։

Իրանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու ընտանիքի անդամ տարբեր հասարակութիւններէն, որոնց շարքին նաեւ հայ կաթողիկէները։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ստեղծուած է 1977 թուականին։ Եկեղեցին ունի Քաղդէացիներու երեք աւագ թեմեր ու մէկ թեմ, ապա Լատին համայնքի աւագ թեմ մը ու ինչպէս նշեցինք Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդութիւնը։

Քաղդէացիներու Ահուազի Աւագ Թեմը։

Թեմը հիմնուած է 3 յունուար 1966-ին՝ ի տես բազմաթիւ քաղդէացի հաւատացեալներու  ներկայութեան, որոնք ընդհանրապէս կը զբաղէին երկրին հարաւային շրջանը գտնուող նաւթաքիմիական արդիւնաբերութեան աշխատանքով։ Անոնց թիւը աստիճանաբար նուազեցաւ ու 2015-ին մնացած էին միայն 40 հաւատացեալներ։ Այսօրեայ դրութեամբ թեմին աթոռը թափուր է։

Քաղդէացիներու Թեհրանի Աւագ Թեմը։

Թեմին առաջնորդն է Գերապայծառ Ռամզի Կարմու։ Թեմը հիմնուած է 1853-ին։ 2014-ին թեմը ունէր 2500  մկրտեալ։ Աւագ Թեմը ունի ապա 6 ժողովրդապետութիւններ ուր իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն զանազան միաբանութիւններու պատկան  միսիոնարներ որոնց շարքին Յիսուսի Փոքրիկ եղբայրներ եւ Յիսուսի Փոքրիկ քոյրերու միաբանութիւնը, Անարատ Յղութեան Քաղդէացի քոյրերու միաբանութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին միսիոնարներ միաբանութեան անդամները։

Քաղդէացիներու Ուրմիայի Աւագ Թեմը։

Թեմին առաջնորդն է գերապայծառ Թվմաս Մփերամ։ Թեմը հաստատուած է 4 սեպտեմբեր 1890-ին։ 2010 թուականին թէմը ունէր 1350 հաւատացեալներ՝ որոնք կը յաճախեն թեմին չորս ժողովրդապետութիւնները եւ ուր իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն Գթութեան Դուստրեր միաբանութեան քոյրերը։

Լատիններու Ասպահանի Աւագ Թեմը։

1629-ին Քարմելիթեան միաբանութեան միսիոնարներուն Իրան ժամանումով կը հիմնուի  Լատիններու Ասպահանի թեմը ու 1910-ին ան կը դառնայ աւագ թեմը։ 2013-ին թեմը ունէր 2 հազար հաւատացեալ։ Թեմին մէջ կը գործեն Սալեզեան, Տոմինիքեան, ու «Գթութեան  Դուստր» միաբանութիւնները։

Ասպահանի Հայերու Առաջնորդութիւնը։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ասպահանի առաջնորդութիւնը ստեղծուած է 1850-ի ապրիլ 30-ին։ Թեմին առաջնորդն է Արհիապատիւ գերապայծառ Սարգիս Դաւիթեան։ Սկզբնական շրջանին՝ թեմը մաս էր Կ. Պոլսոյ աւագ թեմին ու 1866 սկսեալ ան անցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարքութեան  անմիջական իրաւասութեան տակ։

2013-ին թեմը ունէր 200 հաւատացեալ։ Թեմին ներքոյ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու  միաբանութեան կուսանները։

Իրանի մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Բ դարուն, մինչ Լատին եկեղեցւոյ ներարկութիւնը սկիզբ առած է ԺԳ դարուն Տոմինիքեան եւ Ֆրանչիսկեան միսիոնարներու ժամանումով, որոնք 1318-ին հիմքը դրին նաեւ կաթողիկէ նուիրապետութեան ։ Կաթողիկէ եկեղեցին փոքրամաս եկեղեցի մըն է, որուն թիւը տարիներու ընթացքին միշտ աւելիով նուազեցաւ գաղթականութեան երեւոյթի պատճառաւ։ Իրանի մէջ կրօնական ազատութիւնը սահմանափակ է։ Թէեւ երկրին սահմանադրութեան թիւ 13 յօդուածը կը հովանաւորէ անոնց ազատութիւնը նոյն սահմանադրութեան թիւ 14 յօդուածը կը նշէ թէ «Իսլամները ոչ իսլամներուն հետ պէտք է վերաբերուին իսլամական հաւասարութեան ու արդարութեան սկզբունքներու հիման վրայ, յարգելով մարդկային իրաւունքները»։ Փոքրամաս հասարակութիւններուն արգիլուած է առ այդ աւետարանութեան առաքելութիւն ձեռնարկել, ու Իրանի Այաթոլլաներու աբեղայութիւնէն ետք Լատին Եկեղեցին թիրախ եղաւ խտրականութիւններու։

Հակառակ ասոր Իրանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կարող ենք համարել «լաւ»։

Երկու երկիները դիւանագիտական կապեր հաստատած են 1956էն սկսեալ։ 1999ին Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց նախագահ Խաթամիին ու 2001-ին այդ ժամանակուայ Վատիկանի Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Կարդինալ Ժան Լուի Թոռան, յատուկ առաքելութեամբ մեկնեցաւ Իրան իր հետ տանելով Քահանայապետի մէկ պատգամը։

Պենետիկտոս ԺԶ օրով այդ յարաբերութիւնները շարունակուեցան ու Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան ընթացքին երկու պետութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը աւելիով ամրապնդուեցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապը Նախագահ Ռուհանին ընդունեց 2016-ի Յունուարին ապա երկու անգամ ընդունեց Իրանի Փոխ Նախագահ Տիկին Շահինտոխթ Մոլավերտին։ Վերոնշեալ հանդիպումներու ընթացքին շեշտը դրուեցաւ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2018, 10:44