Պապին հանդիպումը Հնդկական Ովկիանոսի եպիսկոպոսներուն հետ Պապին հանդիպումը Հնդկական Ովկիանոսի եպիսկոպոսներուն հետ 

Հնդկական Ովկիանոսի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Ս Պետրոսի յաջորդին։

Հինգ կղզիներէ բաղկացած տարածաշրջանին մէջ կ՛ապրին մէկ միլիոն կաթողիկէ հաւատացնելներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 29 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան ընդունեց Հնդկական Ովկիանոսի կաթողիկէ եպիսկոպոսները, որոնք  Հռոմ կը գտնուին իրենց Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տուած հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով։

Հինգ կղզիներէ բաղկացած տարածաշրջանին մէջ կ՛ապրին մէկ միլիոն կաթողիկէ հաւատացնելներ։

«Քոմոր»ի դաշնակցային հանրապետութեան մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ 99 առ հարիւրը Սիւննիթ Իսլամներ են, մինչ քրիստոնեաները, 806 միլիոն բնակչութիւն ունեցող  այդ հանրապետութեան մէջ կը հասնին հազ հազիւ 1 առ հարիւրի։

Ֆրանսայի հպատակութեան տակ գտնուող «Լա Ռէիւնիոն» կղզիին բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ 79 առ հարիւրը (681 հազար) կաթողիկէ են, իսկ «Մայոթ» կղզիին  մէջ, որ դարձեալ Ֆրանսայի հպատակութեան տակ է, բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանին իսլամ հասարակութեան, իսկ քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան միայն 2 առ հարիւրը։

«Մաուրիցիուս» կղզիներու մէկ միլիոն 263 հազար 770 բնակչութեան 48.5 առ հարիւրը՝ Ինտուիսթ են, 28 առ հարիւրը կաթողիկէ, 17.3 առ հարիւրը իսլամ, ապա կան այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու պատկան հաւատացեալներ որոնք կը կազմեն բնակչութեան  6.4 առ հարիւրը։

Ի վերջոյ «Սեյշելի» կղզիներուն բնակչութեան 79 առ հարիւրը կաթողիկէ են, մինչ Անկլիքան եկեղեցւոյ պատկան հաւատացեալները կը կազմեն բնակչութեան՝ 6.1 առ հարիւրը։

Հնդկական Ովկիանոսի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է  հինգ թեմերէ որոնք անմիջապէս կախեալ են Սուրբ Աթոռէն։ Հնդկական Ովկիանոսի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը ծնունդ առած է եօթանասունական թուականներուն եւ Սուրբ Աթոռին կողմէ ճանչցուած է 1976 թուականին, որպէս եպիսկոպոսներու ազատ ընկերակցութիւն մը, ապա 1985 թուականին որդեգրած է «Հնդկական Ովկիանոսի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի» անուանումը։

Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները։

Հնդկական Ովկիանոսի մէջ եկեղեցին կը դիմագրաւէ տարբեր մարտահրաւէրներ ու հարցեր, որոնց շարքին՝ միջ կրօնական երկխօսութիւնը, ընտանիքի ու երիտասարդներու ապագայի հարցերը, քահանայական կոչումներու նուազումը, որ առիթ կու տայ աւելի մեծ թիւով աշխարհականներու ներգրաւումին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

Հնդկական Ովկիանոսի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծագումի արմատները կը գտնենք 17 դարուն շնորհիւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն աւետարանութեան։

Արժանի է նշել թէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը տարածաշրջանը այցելած է երեք անգամ ՝ առաջինը 1986-ին, 32-րդ միջազգային ճամբորդութեան ծիրէն ներս, այցելած է «Սեյշել» կղզին ապա 1989-ի Մայիսին Լա «Ռէունիոն»ը ու նոյն տարուայ հոկտեմբերին Մաուրիցիուս կղզիները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2018, 10:27