Վատիկանի պետական շէնքին լուսանկարը ռմբակոծումէն ետք: Վատիկանի պետական շէնքին լուսանկարը ռմբակոծումէն ետք: 

Վատիկան քաղաքի ռմբակոծման 75 ամեակը:

Այսօր՝ 5 նոյեմբեր 2018-ին, կը յիշատակուի Վատիկան քաղաքի ռմբակոծման 75 ամեակը:

Պատմական եղելութիւն է, որ Վատիկան քաղաքը յարձակումի թիրախ դարձած է 5 նոյեմբեր 1943-ի, երեկոյեան 8,05ին։ 5 նոյեմբեր 2018-ին, կը յիշատակուի այդ ռմբակոծման 75 ամեակը:

Անծանօթ ռազմական օդանաւ մը, 5 նոյեմբեր 1943-ի երեկոյեան 8.05-ին չորս հրթիռներ արձակած է Վատիկանի վրայ։ Այդ ռումբերէն մին ինկած է Վատիկանի շոգեկառքի կայարանին վրայ, երկրորդը Վատիկանի խճանկարի աշխատանոցին վրայ ապա միւս ռումբերու յարուածներու թիրախ եղած է Վատիկանի պետական շէնքին մաս մը, որ այն ժամանակ ոչ միայն գրասենեակներու կառոյց մըն էր, այլեւ նաեւ բնակարաններուն:
1943-ին ,Վատիկան քաղաքի ռմբակոծման դէպքի մասին, Իտալացի հեղինակ մը Աուկուսթօ Ֆեռարօ, գիրք մը գրած է փոխանցելով դէպքի լուրերերը:
Ըստ Գիրքի հեղինակին, Վատիկան քաղաքի ռմբակոծման յանձաւորին նպատակն է ռմբակոծել Վատիկանի Ռատիոկայանը՝ կասեցնելու համար ռատիկոյանի գործունէութիւններն ու սփռումները, որոնց միջոցաւ պատերազմի բանտարկեալներուն պատգամներ կը փոխանցուէին: 
Ըստ հեղինակին ռմբակոծման արարքի հեղինակը ՝ֆաչիստ մէկ մըն էր, որ Վիթերպօ քաղաքէն փոքրիկ օդանաւ մը վարձելով ուզած է ռմբակոծել Վատիականի Ռատիոյկանը:
Գիրքին մէջ բովանադակուած է նաեւ ռմբակոծումի յաջորդոդող կիրակի օրուան «Օսերվաթորէ Ռոմանոյի» օրաթերթին օրինակ մը, որուն մէջ պարունակուած է Պիոս ԺԲ Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք՝ Վատիկանի քաղաքի ռմաբկոծման մասին խօսքը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը ըսած է, թէ այդ դէպքի մասին Իտալիոյ ոստկիկանութիւնը հետաքննութիւն կը կատարէ։ Մոսոլինին տեղեկանալով ռմբակոծումին լուրը, անմիջապէս դատապարած է արարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2018, 13:12