Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր 

«Աստուծոյ Գահը խաչն է» Ֆրանչիսկոս Պպաին թուիթը։

Աստուած կ՛ընտրէ անհանգիստ գահ մը՝ խաչը

«Մինչ աշխարհի մեծամեծները «գահեր» կը կառուցեն իրենց իշխանութիւնը բանեցնելու համար, Աստուած կ՛ընտրէ անհանգիստ գահ մը՝ խաչը, որուն միջոցաւ կ՛իշխէ իր կեանքը պարգեւելով»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 25 նոյեմբեր 2018-ին հրապարակած թուիթին մէջ՝ Քրիստոս Տիեզերքի թագաւոր տօնին օրը, ընդգծելով մարդկային ու աստուծոյ տրամաբանութիւններու տարբերութիւնները ու շեշտը դնելով անձնուիրումի վեհանձն արժանիքին վրայ նման մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին որ իր կեանքը զոհեց ի փրկութիւն մարդկանց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2018, 13:30