Բնութիւն ու հակամարտութիւններ Բնութիւն ու հակամարտութիւններ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 6 նոյեմբերի թուիթը՝ «խնամք տանիլ հասարակաց տան»:

«Յանձնառու ըլլանք աղօթքով եւ գործերով, սրտերէն, խօսքերէն ու ամէն արարքէ, հեռացնելու բռնութիւնը, որպէսզի խնամք տանինք մեր հասարակաց տան»

Երեքշաբթի 6 նոյեմբերին կը յիշատակուի՝ պատերազմներու ու զինային հակամարտութիւններու ծիրէն ներս բնութեան շահագործումի կանխարգիլման օրը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց յանձնառու ըլլալ խնամք տանելու հասարակաց տան։

«Յանձնառու ըլլանք աղօթքով եւ գործերով, սրտերէն, խօսքերէն ու ամէն արարքէ, հեռացնելու բռնութիւնը, որպէսզի խնամք տանինք մեր հասարակաց տան» գրեց Սրբազան Պապը հրապարակած թուիթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2018, 11:00