Սիւնհոդոսական սրահ Սիւնհոդոսական սրահ 

2019-ի Փետրուարին՝ Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող ժողով Վատիկանի մէջ։

2019-ի Փետրուար ամսուայ մէջ կայանալիք հաւաքին հրաւիրուած են մասնակցիլ նաեւ Արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 23 նոյեմբեր 2018-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ  գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն  միջոցաւ  հաղորդեց յառաջիկայ 21 -24 փետրուար Վատիկանի մէջ կայանալիք «եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներու պաշտպանութեան» հայող ժողովին առթիւ կազմակերպիչ կոմիտէի ստեղծումը, որուն ուղղորդողն է Հայր Զոլներ՝ Անչափահասներու պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբի անդամ։

Վերոնշեալ կոմիտէի անդամներ նշանակուած են՝ Կարդինալ Պլազ Քուփիք՝ Շիքակոյի Արքեպիսկոպոսը, Կարդինալ Օսվալտ Կրասիա Հնդկաստանի Պոմպէյ թեմին Արքեպիսկոպոսը եւ Հնդկաստանի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ, գերապայծառ Շարլ Շիքլունա՝ Մալթայի Արքեպիսկոպոս ու հայր Զոլները։

2019-ի Փետրուար ամսուայ մէջ գումարուելիք հաւաքին, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապ, հրաւիրուած են մասնակցիլ  Արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքները ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան մեծաւորներ, Վատիկանի վերին իշխանութեան ներկայացուցիչներ, եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներ  ու միաբանութիւններու մեծաւորներ։  Նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւած են նաեւ Տոք Կապրիելլա Կամպինօ եւ Տոք Լինտա Կիզոնին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2018, 13:17