Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ տօնածառի զետեղումը Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ տօնածառի զետեղումը 

Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանեց Սուրբ Ծննդեան Տօնածառը։

Տօնածառը նուէրն է Իտալիոյ Ֆրիուլի Վենեցիա Ճուլիա մարզին եւ Քոնքորտիա-Փորտենեոնէ եկեղեցական թեմին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 22 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան կանուխ՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանեց Սուրբ Ծննդեան տօնածառը որ այս տարի նուէրն է Իտալիոյ Ֆրիուլի Վենեցիա Ճուլիա մարզին եւ Քոնքորտիա-Փորտենեոնէ եկեղեցական թեմին։ Տօնածառը ունի 21 մեթր բարձրութիւն ու պիտի զետեղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին կեդրոնը՝ Սուրբ Ծննդեան աւազէ մսուրի կողքին։ Այս վերջինիս  աշխատանքները սկիզբ առին չորեքշաբթի 21 նոյեմբերի յետմիջօրէին ու վերջ կը գտնեն յառաջիկայ 6 դեկտեմբերին։

Մսուրը որ նուէրն է Իտալիոյ Եզոլօ քաղաքին ունի 16 մեթր լայնութիւն, 5 մեթր բարձրութիւն եւ վեց մեթր խորութիւն։

Ըստ Եզոլօ քաղաքի “Sand Nativity” ծրագիրի պատասխանատու՝ Տիար Մասսիմօ Ամպրոզինիին, մսուրին շինարարութեան համար գործածուած աւազները Եզոլօ քաղաքի ծովափի «Տոլոմիթեան» յատուկ աւազներն են, ու մսուրի քանդակագործութիւնը տեղի կ՛ունենայ աւազին վրայ ջուրի յաւելումով ու յատուկ արկղներու մէջ անոնց ամրացումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2018, 09:58