Որոնել

Ռապաթ քաղաքի աշտարակը: Ռապաթ քաղաքի աշտարակը: 

Ռապաթ թեմին արքեպիսկոպոսը հաւատացեալներուն տեղեկացուց Ֆրանչիսկոս Պապին Մարոք այցելութեան մասին:

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարոք պիտի այցելէ հաւատացեալները հաստատելու համար իրենց հաւատքին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարոքի Ռապաթ թեմի Արքեպիկոպոս՝ գերապայծառ Քրիսթոպալ Թուեզ Ռոմանօ, իր թեմի հաւատացեալներուն ուղղած նամակով մը, տեղեկացուցած է Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Մարոք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին որուն ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ նաեւ Ռապաթ քաղաքը:

Նամակին մէջ գերապայծառը նշած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդառաջելով Մուհամմետ Դ թաւագաւորին եւ Մարոքի եպիսկոպոսներուն հրաւէրին, պիտի այցելէ Մարոքի եկեղեցին ու անոր հոգածութեան տակ գտնուող դէպի Եւրոպա գաղթող դժուարութեան մէջ գտնուող հաւատացեալները:

Նամակին մէջ յիշուած է նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին, 19 Օգոստոս 1985-ին Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը նշելով որ Սուրբ պապին այցելութիւնը, յոյս ու սէր ներշնչեց Մարոքի ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ, որուն յիշատակը տակաւին թարմ է հաւատացեալներուն սիրտին մէջ:

Ապա անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին Մարոք այցելութեան նպատակին, գերապայծառը կը գրէ թէ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ՝ ֆրանչիսկոս Պապ Մարոք քաղաք պիտի այցելէ հաւատացեալները հաստատելու համար իրենց հաւատքի մէջ: Սրբազան Հայրը մօտէն պիտի ճանչնայ ու պիտի կիսէ հաւատացեալներուն ուղիները:

«Ֆրանչիսկոս Պապ Մարոքի մէջ կ՝ուզէ կապ պահել Մարոքի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, յատուկէն Մարոքի թագաւորին հետ, «Մահմետական-քիրսոնեանայ երկխօսութեան հոգիով» գրուած է ապա յիշեալ նամակին մէջ դիտել տալով թէ Քահանայապետին Ճամբորդութիւնը գեղեցիկ առիթ պիտի հանդիսանայ՝ Մարոքի եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն արտայայտելու համար իրենց հաղորդութիւնը Հռոմի թեմի եպիսկոպոսին հետ ու Անոր միջոցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ:

Արքեպիսկոպոսը նամակը աւարտած է գրելով որ Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան յայտագիրը տակաւին յայտնի չէ սակայն անկասկած Սրբազան Հայրը պատարագ պիտի մատուցանէ, Անոր հանդիպելու փափաքող հաւատացեալներուն ներկայութեամբ:

Ան ապա գոհութիւն յայտնած է Աստուծոյ այս սպասուած, մաղթուած եւ հայցուած օրհնութեան համար, հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու Սրբազան Պապին համար ինչպէս նաեւ լաւագոյն կերպով պատրաստուելու համար Սրբազան Պապին այցելութեան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2018, 11:50