Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իսրայէլի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իսրայէլի նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Իսրայէլի նախագահին։

Զրոյցներու ընթացքին ակնարկ կատարուեցաւ երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դրական կապերու մասին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, այսօր՝Հինգշաբթի, նոյեմբեր 15-ին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իսրայէլի հանրապետութեան նախագահը՝ տիար Ռէուվէն Ռիվլինը: Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ներկայութեամբ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար Գերապայծայռ Փոլ Կալլակերի:

Հաղորդագրութեան մէջ կը տեղեկացուի թէ  խօսակցութիւնները ընթացան սիրալիր մթնոլորտի մէջ ու թէ Վատիկանի եւ Իսրայէլի պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական կապերուն հաստատումին  25 ամեակի  նախօրեակին, ակնարկ կատարուեցաւ  երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դրական կապերու մասին մինչ մաղթանք յայտնուեցաւ պետական իշխանութիւններուն  եւ տեղական կաթողիկէ հաստատութիւններուն երկուստեք հետաքրքրող հարցերուն որոնել  համապատասխան լուծումներ։

Ի տես Իսրայէլ-Պաղեստին բանակցութիւններու վերսկսումին,  ընդգծուեցաւ ապա աւելի մեծ փոխադարձ վստահութիւն կառուցելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ձեռք բերուի երկու ժողովուրդներու օրինական ձգտումները յարգող համաձայնութիւն մը։ Ակնարկուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի հարցին ու անոր՝հրեաներուն,  քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն համար,  հոգեւոր ու մարդկային ծաւալին մասին, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի ինքնութիւնը ու Խաղաղութեան քաղաքի կոչումը պաշտպանելու մասին։

Ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի ընկեր-քաղաքական իրավիճակի մասին, որ յատկանշուած է հակամարտութիւններով  ու անոնց պատճառած մարդկայնական տագնապներով։ Այս ծիրէն  ներս կարեւոր համարուեցաւ  կրօնական հասարակութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը՝ ի նպաստ խաղաղ համակեցութեան ու կայունութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2018, 14:00