Որոնել

Խաղաղութեան համաշխարհային օր Խաղաղութեան համաշխարհային օր 

Խաղաղութեան համաշխարհային 52-րդ օրուայ պատգամին նիւթը՝ «Ազնիւ քաղաքականութիւնը խաղաղութեան կը ծառայէ»։

Խաղաղութեան համաշխարհային օրը ամէն տարի կը յիշատակուի տարուայ առաջին օրը՝ մէկ Յունուարին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 6 նոյեմբեր 2018-ին հրապարակուեցաւ Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան պատգամի բնաբանը «Ազնիւ քաղաքականութիւնը կը ծառայէ խաղաղութեան»։

Խաղաղութեան համաշխարհային օրը 

Խաղաղութեան համաշխարհային օրը ամէն տարի կը յիշատակուի տարուայ առաջին օրը՝ մէկ Յունուարին։ 2019 տարուայ պատգամի բնաբանը կը հայի քաղաքականութեան ու քաղաքական գործիչներու պատասխանատուութեան ու խաղաղութեան ի նպաստ անոնց յանձնառումին։

Քաղաքական պատասխանատուութիւնը կը պատկանի ամէն մէկ քաղաքացիի ու յատկապէս անոնց որոնք ստանձնեցին Երկիրն ու քաղաքացիները կառավարելու ու պաշտպանելու պաշտօնը։  Այս առաքելութեան հիմնական պարտականութիւնն է պաշտպանել իրաւունքը ու ընկերութեան զանազան խաւերուն միջեւ, ինչպէս նաեւ սերունդներու ու մշակոյթներուն միջեւ, քաջալերել երկխօսութիւնը։

Փոխադարձ վստահութիւն

Առանց փոխադարձ վստահութեան չկայ խաղաղութիւն ու վստահութիւնը որպէս հիմնական պայման ունի խոստումի յարգանքը։ Քաղաքական յանձնառումը - որ եղբայրսիրութեան ամենաբարձր արտայայտութիւնն է - կը մղէ մտահոգուելու կեանքի ու մոլորակի ապագայով, ու ապագայով անոնց որոնք տակաւին պատանի ու մանուկներն են։

Մարդու իրաւունքներու յարգանք

Երբ կը յարգուին մարդուն իրաւունքները,  ինչպէս կը յիշեցնէ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը 1963 հրապարակուած «Խաղաղութիւն Երկրի վրայ» իր յորդորագիրին մէջ,  անոր մէջ ծիլ կ՛առնեն ուրիշներու իրաւունքը յարգելու պարտականութեան իմաստը։

Իրաւունք ու պարտականութիւնը կ՛աճեցնեն միեւնոյն հասարակութեան պատկանելու գիտակցութիւնը։ Ասոր համար կանչուած ենք հռչակելու ու տարածելու խաղաղութիւնը, որպէս բարի լուր մը, ապագայի մը համար ուր ամէն մէկ արարած կը յարգուի իր արժանապատուութեամբ եւ իր իրաւունքներով։

Նշենք թէ Խաղաղութեան միջազգային օրը հաստատուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով եւ կը նշուի ամէն տարուայ Յունուար մէկին։ Պատգամը ապա կ՛ուղղուի աշխարհի բոլոր դիւանագիտութիւններուն ու կը ներկայանայ որպէս Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ընթացքի ուղեցոյց։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2018, 10:37