Որոնել

Կարդինալ Սանտրի Լիբանանի մէջ Կարդինալ Սանտրի Լիբանանի մէջ 

Կարդինալ Սանտրիին խօսքը Լիբանանի Պատրիարքներոււ եւ Եպիկոպոսներու հաւաքին։

Մատնանշելով Արեւելքի Պատրիարքական աթոռներուն, Ծիրանաւորը զանոնք նկատեց «ի սպաս Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդի ծառայութեան»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 14 նոյեմբեր 2018-ին, ՌՈԱՔՕ-ի բարեսիրական հաստատութիւններու կազմակերպութեան անդամներուն հետ Լիբանան կատարած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, ՌՈԱՔՕ-ի նախագահը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու համաժողովի անդամներուն հետ ու հանդիպման ընթացքին անոնց ուղղեց ճառ մը որուն մէջ յայտնեց թէ Ինք եւ ՌՈԱՔՕ-ի անդամները լիբանան կը գտնուին որպէս ուխտաւորներ, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց վերապահուած հիւրընկալութեան համար։

Կարդինալ Սանտրի մատնանշեց նաեւ ՌՈԱՔՕ-ի 50 ամեայ գործունէութեան ընդգծելով  այդ գործունէութեան ծիրէն ներս սիւնհոդոսական ապրումը։ Մատնանշելով ապա Արեւելքի  Պատրիարքական աթոռներուն, Ծիրանաւորը զանոնք նկատեց «ի սպաս Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդի ծառայութեան», որոնք ունին դարաւոր պատմութիւն մը զոր վերջին շրջաններուն յատկանշուեցաւ տառապանքի եւ նոյնիսկ նահատակութեան էջերով։

Ակնարկելով հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  ՌՈԱՔՕ-ին հետ ունեցած հանդիպումներուն Կարդինալ Սանտրի վերյիշեց Նորին Սրբութեան խօսքերը, յատկապէս հայող Միջին Արեւելքի կացութեան, պատերազմի հետեւանքներուն ու գաղթականութեան երեւոյթին։

Արեւելեան Ժողովի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին թելադրանքին՝ ուղղուած կղերական դասին, ըլլալու հաւատալի վկաներ ու իրարու համեմատելու իրենց խօսքերն ու գործերը, նաեւ Եկեղեցւոյ բարիքներու մատակարարումի ծիրէն ներս։

Այս ուղղութեամբ Կարդինալ Սանտրին շեշտը դրաւ ծրագիրներու մատակարարումի գործընթացին վրայ, ընդգծելով անոր զանազան հանգրուանները ու յանձնարարելով այս մէկը կատարել թափանցիկ կերպով ու գործադրելով հաշուետուութեան բոլոր չափանիշերը։

Խօսքին աւարտին Կարդինալ Սանտրի մաղթանք յայտնեց որ բոլոր Արեւելքի Եկեղեցիները հաստատ պահեն իրենց ներկայութիւնը եւ իրենց մասնակցութիւնը Քարիթասի իրականութեան, հակառակ դիւրիմացութիւններուն եւ անհասկացողութիւններուն, որոնք, ըսաւ Ծիրանաւորը, պէտք է յստակացուին ու սիրոյ  հաղորդութեան փորձառութիւնը ապրուի Լիբանանի մէջ ներկայ բոլոր եկեղեցիներուն միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2018, 09:14