Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. «Քաղաքականութիւնը պէտք ունի խաղաղութեան նոր ղեկավարներու»։

«Սուրբ Աթոռին յանձնառումը երկխօսութիւն հաստատել է՝ բոլոր անոնց հետ որոնք կը գործեն մարդու իրաւունքներու յարգանքի, հասարակաց բարիքի եւ ընկերային զարգացումի խթանման ուղղութեամբ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Քաղաքականութիւնը պէտք է վերագտնէ իր դերակատարութիւնը՝ ընկերային միջամտութեան ծիրէն ներս, կառուցելու համար հասարակաց բարիքը, միտում ունենալով համագործակցիլ ի նպաստ բաժնեկցուած լուծումներու որոնման, ըլլայ միջազգային, ըլլայ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու, ըլլայ քաղաքացիական ընկերութեան ծիրէն ներս, ի տես ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան ձեւերու ծաւալումին, որոնք լուրջ վտանգի տակ կը դնեն մարդու իրաւունքներու մասին երկխօսութիւնը, զոր պէտք է պահպանենք ու ծաւալենք»։ Ասոնք խօսքերն են Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին, զոր արտասանեց՝ Ռոնտինէ ընկերակցութեան եւ Ս. Աթոռի մօտ Դիւանագիտական մարմնի անդամներուն միջեւ Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին։
Պետական Քարտուղարը հաստատեց նաեւ թէ «Սուրբ Աթոռին յանձնառումը երկխօսութիւն հաստատել է՝ բոլոր անոնց հետ որոնք կը գործեն մարդու իրաւունքներու յարգանքի ու հասարակաց բարիքի, ինչպէս նաեւ ընկերային զարգացումի խթանման ծիրէն ներս»։ Ան ապա քաջալերեց ու գնահատեց «Ռոնտինէ» ընկերակցութեան գործունէութիւնը, ի նպաստ խաղաղ ընկերութեան մը կառուցումին, մեկնելով երիտասարդներու կազմաւորումէն, ստեղծելու համար ապագայի՝ իշխող նոր դասակարգ մը, որուն մեծ կարիքը կայ այսօր եւ որ կարող ըլլայ երկխօսութեան ու կարող նաեւ լուծումներ գտնելու միշտ աւելիով ծաւալուած հակամարտութիւններուն, որպէս կեդրոն ընտրելով հասարակաց բարիքը ու մարդու իրաւունքներու յարգանքը, սկսեալ տկարներէն» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2018, 09:15