Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

«Հայր Մացցոլարի խաղաղութիւն կառուցող էր». Կարդինալ Փարոլին։

Համաժողովին որպէս գլխաւոր զեկուցող իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միացեալ ազգերու մանուկներու օգնութեան միջազգային Ֆոնտին Փարիզի կեդրոնատեղիին մէջ, հինգշաբթի 29 նոյեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով նուիրուած Հայր Փրիմօ Մացցոլարիի պատգամին ու խաղաղութեան ի նպաստ գործունէութեան «Հայր Փրիմօ Մացցոլարիի (1890-1959)  պատգամը ու խաղաղութեան գործունէութիւնը»  բանանով։

Համաժողովը կազմակերպուած է հովանաւորութեամբ «ՈԻՆԵՍՔՈՅԻ, ՈԻՆԵՍՔՈՅԻ մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական գրասենեակի, Քրեմոնա թեմի եւ Հայր Փրիմօ Մացցոլարիի անուան հիմնարկին։

Համաժողովին որպէս գլխաւոր զեկուցող իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը որ իր ելոյթին մէջ խօսելով Հայր Մացցոլարիի ամէն տեսակ բռնութեան դէմ յանձնառումի մասին, հաստատեց թէ ան եղաւ Ի դարու խաղաղութեան իսկական կառուցող մը, Անոր ուսուցումները մեզի կը յիշեցնեն թէ խաղաղութիւնը բարիք մը է որ պէտք է երաշխաւորուի բոլորին, նոյնիսկ անոնց որոնք արժանի չեն անոր. Խաղաղութիւնը յանձնառումն է բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց» յարեց Կարդինալ Փարոլին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2018, 08:42