Մանուկ գաղթականներ Մանուկ գաղթականներ 

Գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային 105 օրը պիտի նշուի 29 սեպտեմբեր 2019-ին։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը ապա եղաւ առաջինը որ այդ օրուան առթիւ պատգամ մը հրապարակեց՝ ի յայտ դնելու համար գաղթականութեան երեւոյթի ողբերգութիւնը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եպիսկոպոսական համահաւաք զանազան դասերու խնդրանքին համապատասխանելով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որոշեց Գաղթականներու ու Փախստականներու նուիրուած համաշխարհային օրուան նշումը փոխադրել՝ սեպտեմբեր ամսուայ վերջին կիրակի օրուան։ Առ այդ յառաջիկայ տարուան  գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային 105 օրը պիտի նշուի 29 սեպտեմբեր 2019-ին»։ Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

Գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային օրի ծագումը կը պարտինք առաջին աշխարհամարտի առաջին ամիսներուն, երբ 1914-ին, Պիոս Ժ քահանայապետը, ի տես դարի սկիզբէն ի վեր արտագաղթի դիմող միլիոնաւոր իտալացիներու ողբերգութեան, կոչ ուղղեց բոլոր քրիստոնեաներուն աղօթելու գաղթականներուն դիտաւորութեան։

Մի քանի ամիսներ ետք, անոր յաջորդը Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետը, հաստատեց գաղթականներու ու փախստականներու օրը՝ գաղթականներով զբաղող հովուական խնամակալութիւններուն՝ հոգեկան ու տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերելու  միտումով։

1952-ին, Գաղթականութեան նուիրուած օրը ստանձնեց աւելի ընդարձակ ու միջազգային հանգամանք, ու բոլոր եկեղեցիները հրաւիրուեցան ընտրելու ծիսական օր մը՝ զայն նուիրելով գաղթականներուն ու փախստականներուն։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը ապա եղաւ առաջինը որ այդ օրուան առթիւ պատգամ մը հրապարակեց՝ ի յայտ դնելու համար գաղթականութեան երեւոյթի ողբերգութիւնը ու եկեղեցւոյ այդ ուղղութեամբ տարած աշխատանքը։ Քահանայապետը որոշեց օրը յիշատակել Յայտնութեան տօնին յաջորդող Բ կիրակին։

Հուսկ անցեալ 14 Յունուար 2018-ին, Գաղթականներու ու փախստականներու 104 օրուան յիշատակումի առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թուականի փոփոխութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2018, 09:02