երանելի Մայր Քլելիա Մերլոնի երանելի Մայր Քլելիա Մերլոնի 

Երանելիներու շարքին դասուեցաւ Քոյր Քլելիա Մերլոնին:

Քոյր Մերլոնիի հիմնած միաբանութիւնը ոչ միայն Իտալիոյ մէջ կը ծաղկի այլեւ համայն աշխահին մէջ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 3 նոյեմբերին, Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Պեչչուի նախագահութեամբ մատուցուա Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին երանելի հռչակուեցաւ Իտալացի Քոյր Քլելիա Մերլոնին:

Մայր Քլելիա Մելոնի ծնած է Իտալիոյ Ֆորլի քաղաք՝ 10 մարտ 1861-ին, յայտնի հարուստ ընտանիքին հարկին տակ: 33 տարեկանին, իր երեք բարեկամուհիներուն հետ միասին, առաջին քայլը կը կատարէ հիմնելու «Յիսուսի սուրբ Սիրտ առաքեալներ» քոյրերու հաստատութիւնը, ունենալով որպէս նպատակ շարունակել Սրբուհի Մարկերիթա Մարիա Ալքոք-ի ուրախալի առաքելութիւնը ՝ ճանչցնելու եւ Սիրելու Յիսուսի Սուրբ Սիրտը:

Քոյր Մերլոնիի միաբանութեան անդամներու թիւը շուտով կը բազմապատկուի եւ անոր առաքելութեան գործունէութիւնը կը ծաղկի ու կը տարածուի ոչ միայն Վիարեճօ քաղաքին մէջ այլեւ ամենուրեք:

Քոյր Մերլոնիի հօր մահուան եւ իր հիմնած միաբանութեան մատակարարներուն անկարողութեան հետեւանքով , միաբանութիւնը ծանր տագնապի կը մատնուի, ու քյաերը կը ստիպուին հրաժարիլ իրենց առաքելական գործունէութիւններէն հեռանալով միաբանութենէն:

Սակայն Աստուածային նախախնամութիւնը այնպէս կ՛ուզէ, որ Քոյր Մերլոնիի միաբանութիւնը չկործանուի, եւ շնորհիւ Փիաչենցա թեմին եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ճովաննի Պաթթիսային, միաբանութիւնը դարձեալ նոր սլացք կը ստանայ, իր առաքելութիւնը ծաւալելով ոչ միայն Իտալիոյ մէջ այլեւ Հարաւային եւ Հիւսիային Ամերիկիոյ երկիրներուն մէջ:

Մայր Քլելիա Մերլոնի հոգին կ՝աւանդէ առ Աստուած Հռոմի մէջ 21 նոյեմբեր 1930-ին, թողելով իր միաբնութեան քոյրերուն հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւն մը:

Երանացման արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Պեչչու խօսելով նորահռչակ երանելիին կեանքի մասին, յայտնեց թէ Մայր Մերլոնիին կեանքը բնորոշուած է ցաւերով ու տառապանքներով: Ան տառապանքի պահերուն միշտ իր աչքերը սեւեռած պահեց Աստուծոյ վրայ:

«Մայր Մերլոնիին հաւատքի կեդրոնը միշտ եղաւ Քրիստոսը, որուն մասնաւորապէս կը հանդիպէր Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ՝ մատրան մէջ երկար ժամանակ անցնելով նոյնիսկ խոր գիշերին՝ հիւանդ ծանր վիճակի մէջ» ըսաւ Կարիդնալ Պեչչու որ քարոզին աւարտին հրաւիրեց հաւատացեալները Աստուծմէ հայցելու այն սրբութեան արահետը ,զոր Մայր Քլելիա Մերլոնի ցոյց տուաւ իր կեանքին ընթացքին՝ զօրացած Խաչի սէրով, քալելով լուսաւոր եւ ապահով ճանապարհի մը վրայ՝ սիրոյ ուղեւորութիւն մը՝ Աստուծոյ եւ եղբայրներուն ի սպաս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2018, 12:00