Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 28 նոյեմբերին ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ դիտել տուաւ, որ կարելի չէ հետեւիլ Յիսուսին երբ մեր սիրտը զբաղուած է կեանքի հարստութիւններով:
«Չէ կարելի իսկապէս Յիսուսին հետեւիլ, երբ ծանրաբեռնուած ենք այլ բաներով: Որովհետեւ, եթէ սիրտը հարստութիւններով խճողուած է, Տիրոջ համար տեղ պիտի չմնայ, որ պիտի նկատուի այն բաներու շարքին իրականութիւն մը։»