2018.11.14  Natale 2018 piazza San Pietro Jesolo Sand Nativity 2018.11.14 Natale 2018 piazza San Pietro Jesolo Sand Nativity  

Սուրբ Պետրոսի հրապարակի այս տարուան մսուրը աւազէ է:

Աւազէ մսուրի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնածառին բացումը պիտի կատարուի 7 դեկտեմբերին յետմիջօրէին ժամը 4,00-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2018 տարուան Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ պիտի զետեղուի աւազէ շինուած մսուր մը՝ նուէրը Իտալիոյ Եզոլօ քաղաքի եւ Վենետիկի Լատինաց պատրիարքութեան:

Իտալիոյ Տոլոմիթի շրջանէն բերուած աւազներով, մսուրի աշխատանքները սկիզբ կ՛ առնեն 17 նոյեմբերին, ձեռամբ աշխարհահռչակ չորս քանդակագործ արուեստագէտներու. Ամերիկացի Ռիչարտ Վարանօ, Ռուսիայէն Իլյա Ֆիլիմոնդս եւ, Հոլանտայէն Սուզան Ռոսելեր եւ Չեխ՝ Ռատովան Զիուն:

25 մթ տարածքի վրայ կառուցուած աւազէ մսուրը պիտի ունենայ 6 մեթր բարձրութիւն եւ 5 մթ խորութիւն: Նախատեսուած է, որ մսուրի աշխատանքները վերջ գտնեն դեկտեմբեր ամսոյն սկիզբը:

Մինչ մսուրին կից զետեղուելիք այս տարուան Սուրբ Ծնունդի տօնածառը նուէրն է Իտալիոյ Ֆրիուլի Վենեցիա Ճուլիա մարզի եւ Քոնքորտիա Փորտնենոնէ թեմին: 25 մթ բարձրութիւն ունեցող Տօնածառի զարդարանքի աշխատանքները պիտի սկսին 22 նոյեմբերին:

Աւազէ մսուրի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնածառին բացումը պիտի կատարուին, 7 դեկտեմբերին յետմիջօրէին՝ ժամը 4,00-ին:

Նոյն օրը առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի մսուրի եւ տօնածառի նուիրատուները: Աւանդութեան համաձայն Քահանայապետը Սուրբ Մսուրն ու տօնածառը կ՛այցելէ 31 դեկտեմբերին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2018, 09:14