Աղքատներուն նուիրուած Սուրբ Պատարագէ առնուած լուսանկար Աղքատներուն նուիրուած Սուրբ Պատարագէ առնուած լուսանկար  

ֆրանչիսկոս Պապին 19 նոյեմբերի թուիթը:

Անշահախնդիր սէր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 19 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ, որուն մէջ շեշտեց անշահախնդիր սիրոյ կարեւորութիւնը, դիտել տալով որ պէտք չէ սիրել միայն երբ մեզի հարմար կը թուի, որովհետեւ իսկական սէրը կը յայտնաբերուի, այն ժամանակ երբ մեր սեփական շահերէն անդին կ՝երթանք ու ամէնի ինչ կը նուիրենք առանց նախապայմաններու:

«Կարելի չէ սիրել միայն մինչեւ այն ժամանակ որ «շահաբեր» է. սէրը կը յայտնաբերուի ճիշդ՝ սեփական շահերու սեմէն անդին, երբ՝ ամէն ինչ կը տրուի անվերապահ կերպով:» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2018, 13:30