ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդապահուհիներուն հետ ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդապահուհիներուն հետ 

ֆրանչիսկոս Պապին 17 նոյեմբերի թուիթը:

Յիսուսին պատկանելու համար բարիք ընելու ենք

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 17 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ նկատել տալով, որ Յիսուսի պատկանելու համար բաւ չէ մտածել, թէ չարիք չեմ գործեր, այլ պէտք է միշտ բարիք ընել:

«Ոչ մէկը կրնայ ինքզինք խաբել մտածելով. ես կատարեալ եմ որովհետեւ ոչ մէկ չարիք կը գործեմ: Յիսուսին պատկանելու համար՝ ոչ մէկ չարիք գործելը բաւարար չէ, պէտք է բարիք ընել:» գրեց Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2018, 13:30