Որոնել

Համաշխարհային Ա պատերազմէն լուսանկար Համաշխարհային Ա պատերազմէն լուսանկար 

Սուրբ Աթոռ. «Համաշխարհային Ա պատերազմի ընթացքին հոսած արիւնը թող խթան հանդիսանայ խաղաղութեան»:

Համաշխարհային Ա պատերազմի հարիւր ամեակի ոգեկոչումը թող աշխարհը առաջնորդէ դէպի շտապ եւ խորունկ դարձի, ինչպէս նաեւ կայուն խաղաղութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Համաշխարհային Ա պատերազմի աւարտի հարիւր ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, 12 նոյեմբերին, ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ՝ նախաձեռնութեամբ ՄԱԿ- ի մօտ Սուրբ Աթոռի գրասենեակի ու համագործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներուն մէջ Մալթայի Ասպետական կարգին ինչպէս Նաեւ Սուրբ Յովհաննէս անուան միաբանութեան, տեղի ունեցաւ երաժշտական ձեռնարկ, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Մոզարթի Ռէ մինոր Ռէքիեմը:

Այս առթիւ արտասանած ելոյթին մէջ, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն դէտ Արքեպիսկոպոս Պերնարտիթօ Աուզա անդրադառնալով համերգին ընթացքին ներկայացուած գործերուն, յարեց թէ «անոնք յօրինուած էին, մարդիկը օգնելու համար, իրենց սիրելիներուն աղէտալի կորուստը յոյսով ողբալու նպատակով»։ Գերապյածառը Աուզա ապա աւելցուց որ այսօր եւս սոյն երաժշտութիւնը, կը քաջալերէ միասնաբար աշխատելու՝ այնպէս մը ընելու համար որ ռազմական զինադադարները, հասանելի դառնան պատերազմներով խոցուած տարածաշրջաններուն մէջ:

Գերապայծառը Աուզա ապա մաղթանք յայտնեց, որ համաշխարհային Ա պատերազմի հարիւր ամեակի ոգեկոչումը կարենայ աշխարհը առաջնորդել դէպի շտապ եւ խորունկ դարձի ինչպէս նաեւ կայուն խաղաղութեան, որ կ՝ամրապնդուի, երբ ազգերը, յաղթութեան մտայնութիւնը կը դադրին նկատելէ «որպէս պարտուած թշնամիին նուաստացում» ըսաւ Ան ապա ՄԱԿ-ի պատերազմներու կանխարգիլման աշխատանքները նկատեց, որպէս պտուղ՝ որ ծաղկած է առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներու մոխիրներէն աճած ծառերէն, մաղթելով որ անցեալի սխալներէն դաս քաղուին կառուցելու համար խաղաղութեան մշակոյթ մը, այն մշակոյթը՛ որ կը կառուցուի երաժշտութեան միջոցաւ, ինչպէս վկայուեցաւ ապակիներու շէնքի մէջ ներկայացուած համերգին ընթացքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2018, 13:24