Դաոիստներու տաճար Դաոիստներու տաճար 

Քրիստոնեաներու եւ Դաոիստներու միջեւ միջազգային 2-րդ հանդիպումը:

Քրիստոնեայ եւ Դաոիստ երկու կրօններուն պատուիրակութեան անդամներու միջեւ կայացած հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան- Վատիկան

Չորեքշաբթի, 7 նոյեմբերին, Սինկափուրի մէջ վերջ գտաւ Դաոիստներու եւ Քրիստոնեաներուն միջեւ կայացած միջազգային 2-րդ հանդիպումը:

«Քրիստոնէական եւ Դաոիստական բարոյականութիւնը երկխօսութեան մէջ» բնաբանով հանդիպումին բանակցութեան նիւթ եղած է ժամանակակից աշխարհի բարոյական տագնապը, ապագայի յոյսեր, Դաոիստներու եւ քրիստոնեաներուն պատասխանները բարոյական տագնապին, ընկերային հաստատութիւնները, հոգեւոր զարգացումը, համաշխարհային բարոյականութիւնը, ինչպէս նաեւ ներդաշնակ եւ միացեալ ընկերութիւն մը կերտելու խթանումը:

Յայտնենք,թէ յիշեալ հանդիպումի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է նաեւ մշակութային եւ միջ-կրօնային բնոյթ ունեցող այցելութիւններ, Kew Ong Yah տաճար եւ Յիսուսի կերպարանափոխութեան անուան կաթողիկէ եկեղեցի:

Քրիստոնեայ եւ Դաոիստ երկու կրօններուն պատուիրակութեան անդամներու միջեւ կայացած հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ սոյն հանդիպումները նպաստած են երկու կրօններու միջեւ բարեկամական կապերու սերտացման, տարբեր ոլորտներու մէջ երկու կրօններու միջեւ յաւելեալ գործակցութեան: Միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ որ երկու կրօնները կը կիսեն ժամանակից աշխարհի միեւնոյն մտահոգութիւնները եւ ապագային նկատմամբ յոյսերը նկատել տալով, որ Երկու կրօնները գիտակից են որ ժամանակից աշխարհի բարոյական տագնապը, կը պահանջէ տիեզերական արժանիքներուն բացայայտումը՝ հիմնուած ընկերային արդարութեան, համապարփակ բնապահպանութեան եւ կեանքի բոլոր հանգրուաններէն ներս մարդկային արժանապատուութեան վրայ:

Նշենք5 թէ միջ-կրօնային երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար5 գերապայծառ Այուսօ Կիսոն, իր կարգին բանակցութիւններուն աւարտին կատարած յայտարարութեան մէջ յայտնեց որ Քրիստոնեաները եւ Դաոիտդներն կը կիսեն հասարակաց բարոյական արժէքներու ժառանգութիւնը, դիտել տալով որ հրամայական է կրօններու միջեւ փոխ ճանաչողութիւնը եւ առանց նախապաշարումներու՝ կրօններու եւ մշակոյթներուն միջեւ բաժնեկցութիւնը:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2018, 10:46