Նախկին Ծիրանաւոր ՄէՔէրրիք Նախկին Ծիրանաւոր ՄէՔէրրիք 

Նախկին Ծիրանաւոր ՄէՔէրրիքի հարցի վերաբերեալ Սուրբ Աթոռի յայտարարութիւնը։

Յայտարարութեան մէջ ապա կ՛ընդգծուի Ֆրանչիսկոս Պապին դիրքը. «Քալել ճշմարտութեան ճանապարհին վրայ, ուր ալ որ ան մեզ հասցնէ»։

Թէոտոր Էտկար ՄէՔէրրիք Արքեպիսկոպոսի հարցին հայող հրապարակուած մեղադրանքներէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այն գիտակցութեամբ եւ մտահոգութեամբ այդ հրատարակումներու հետեւանքով հաւատացեալներուն մէջ յառաջացած շփոթութեան ու կորուստի իրավիճակին հրահանգ տուաւ հրապարակել մէկ յայտարարութիւն մը որուն մէջ կը բացայայտուին այն քայլերը զոր Ֆրանչիսկոս Պապը մղեցին ընդունելու կարդինալական դասէն ՄէքՔէրրիքի հրաժարականը։ «Սուրբ Աթոռը պիտի չի յապաղի, պատշաճ ժամանակին, բացայայտելու նաեւ այդ հարցին եզրակացութիւնները» գրուած է վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ ու ապա հաստատուած է  «Ոչ մէկ հանդուրժողութիւն չարաշահումներու նկատմամբ»։

Յայտարարութեան մէջ  ապա կ՛ընդգծուի Ֆրանչիսկոս Պապին դիրքը. «Քալել ճշմարտութեան ճանապարհին վրայ, ուր ալ որ ան մեզ հասցնէ»։

2017-ի սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի Աւագ Թեմը, Սուրբ Աթոռին տեղեկացուց թէ Կարդինալ ՄէքՔէրիքը մեղադրուած է մարդու մը կողմէ որ կը հաստատէ թէ վաթսունական թուականներուն սեռային չարաշահումի ենթարկուած է վերոնշեալ կարդինալին կողմէ։ Սրբազան Քահանայապետը այս լուրին վրայ հրահանգեց խոր ու մանրամասն նախաքննութիւն մը կատարել որ յառաջ տարուեցաւ Նիւ Եորքի Աւագ Թեմին կողմէ եւ որուն եզրակացութիւնները փոխանցուեցան Վատիկանի Հաւատոյ Ժողովի գրասենեակներուն։ Մինչ այդ, ի տես հետաքննութեան ընթացքին ի յայտ եկած լուրջ հարցերուն, Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կարդինալական Դասէն Արքեպիսկոպոս ՄէքՔէրիքի ներկայացուցած հրաժարականը, հրամայելով անոր ապաշխարանքի եւ աղօթքի կեանք վարելու պարտականութիւնը եւ  հրապարակային ծառայութիւններ մատուցելու արգելքը։

Սուրբ Աթոռը պիտի չի յապաղի, պատշաճ ժամանակին, բացայայտելու նաեւ այդ հարցին եզրակացութիւնները, նոյնիսկ եկեղեցականի դէմ ներկայացուած այլ մեղադրանքներու մասին։ Այս առումով Սրբազան Քահանայապետը հրահանգեց նախաքննութեան եզրակացութիւնները բոլորել Սուրբ Աթոռի արխիւներու մէջ պահպանուած ՄէքՔէրրիքի հայող բոլոր փաստաթուղթերու վերաքննութեամբ, պարզելու  համար բոլոր համապատասխան փաստերը, անոնց պատմական բնագաւառէն ներս, զանոնք առարկայական կերպով գնահատելու համար։ 

Սուրբ Աթոռը գիտակից է որ հարցերու քննարկումէն կարելի են ի յայտ գալ ընտրանքներ՝ որոնք չեն համապատասխաներ հարցին նկատմամբ  այսօրուայ մօտեցումին։ Այսուհանդերձ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ «պիտի հետեւինք  ճշմարտութեան ճանապարհին, ուր ալ որ ան կարող է մեզ հասցնել (Ֆիլատելֆիա 27 սեպտեմբեր 2015)։

«Անհանդուրժելի են չարաշահումները ու անոնց ծածկումը, ու այդ յանձանքը գործած եպիսկոպոսներուն նկատմամբ այլ կեցուածք մը կը ներկայացնէ անընդունելի կղերապաշտութեան ձեւ մը՝ որ կարելի չէ ընդունիլ» գրուած է վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ ուր ապա կը նշուի. «Սրբազան Քահանայապետը կը վերանորոգէ  վճռակամ հրաւէրը, ուժերը միացնել՝ պայքարելու համար, եկեղեցիէն ներս ու դուրս չարաշահումի վէրքին դէմ, որպէսզի կանխարգելուին այսպիսի ոճիրներ որոնք կը կիրարկուին ընկերութեան ամենատկար ու ամենէ անմեղ անձերու նկատմամբ»։

Այս առումով  Սրբազան Քահանայապետը աշխարհի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու բոլոր նախագահները հրաւիրած է Հռոմ, յառաջիկայ փետրուար ամսոյն մէջ, միասին քննարկելու համար սոյն ամօթալի հարցը։ Մինչ Աստուծոյ Ժողովուրդին յղած իր նամակին մէջ ան կը գրէ «բազմաթիւ կեանքեր խլած այս չարիքին պատասխանելու միակ ձեւը, զայն ապրիլն է որպէս պարտականութիւն մը որ կը ներգրաւէ մեզ բոլորս որպէս Աստուծոյ Ժողովուրդ։ Գիտակցութիւնը մենք մեզ զգալու մաս Ժողովուրդի մը ու միասնական պատմութեան մը, որ մեզի թոյլ պիտի տայ ճանչնալու մեր մեղքերն ու անցեալի սխալները, ապաշխարող բացուածքով մը որ կարող ըլլայ մեզ վերանորոգել ներքնապէս։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2018, 20:00