Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Մոնթենեկրոյի նախագահին հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Մոնթենեկրոյի նախագահին հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Մոնթենեկրոյի հանրապետութեան նախագահին. Հաղորդագրութիւն։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին գնահատուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Մոնթենեկրոյի հանրապետութեան միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններու

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 8 հոկտեմբերի 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւնն շնորհեց Մոնթենեկրոյի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Միլօ Ճուքանովիչին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ու անոր ընկերացող Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին գնահատուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Մոնթենեկրոյի հանրապետութեան միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններու՝ որոնք ամրապնդուեցան 2011-ին ստորագրուած համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, ապա ընդգծուեցաւ կաթողիկէ հասարակութեան դրական սատարը  իր նպաստ Մոնթենեկրոյի հասարակութեան։

Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կտարուեցաւ նաեւ երկրին իրավիճակի մասին ու Եւրոպական միութեան անդամակցութեան գործընթացին շուրջ, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ տարածաշրջանի հայող նիւթերու շուրջ որոնց շարքին միջցեղային ու միջրկօնական համակեցութեան խթանման ի նպաստ  յանձնառումը ու բնապահպանական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։ Ի վերջոյ գաղափարներու փոխանակումներ կատարուեցան միջազգային իրականութիւններուն հայող հարցերու, յատուկ անդրադարձ կատարելով հակամարտութիւններու յատուկ  լուծման համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2018, 13:50