Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի դամբանը Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի դամբանը 

Քահանայապետական թուիթ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծիսական տօնին առթիւ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 22 հոկտեմբերի կէսօրին, այցելեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի դամբանը

Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետի ծիսական տօնը որ կը զուգադիպի անոր Քահանայապետութեան սկիզբին՝  22 հոկտեմբեր 1978։ Սուրբ Քահանայապետի ծիսական տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 22 հոկտեմբերի կէսօրին, այցելեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի դամբանը ուր պահ մը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելի ուշ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ նշեց թէ Սուրբերուն մեզի ընկերացումը կ՛օգնէ ճանչնալու զԱստուած ու այս երկրին վրայ վկայելու եւ ապրելու յոյսը։

«Սուրբերուն  ընկերութիւնը մեզի կ՛օգնէ ճանչնալու թէ Աստուած երբեք մեզ չի լքեր, որպէսզի կարենանք ապրիլ ու վկայել յոյսը այս աշխարհին մէջ» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2018, 13:30