Եպիսկոպոսական 15-րդ սիւնհոդոսի ներկայացումը Եպիսկոպոսական 15-րդ սիւնհոդոսի ներկայացումը 

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին կը մասնակցին 267 սիւնհոդոսական հայրեր։

Հոկտեմբեր մէկին ներկայացուեցաւ Եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական սիւնհոդոսը՝ նուիրուած երիտասարդներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի մէկ հոկտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղին մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին՝ Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերին՝ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, Կարդինալ Սերժօ տա Ռոքան, սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողը եւ գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէն՝ եպիսկոպոսներու  սիւնհոդոսի ենթաքարտուղարը ներկայացուցին «Երիտասարդներ, հաւատք ու կոչումի զատորոշում» բնաբանով, Եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական սիւնհոդոսը նուիրուած երիտասարդներուն, որ սկիզբ պիտի առնէ՝ չորեքշաբթի  3 հոկտեմբերէն,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ ու վերջ պիտի գտնէ կիրակի 28 հոկտեմբերին։

Այս առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերրին նշեց թէ այս հաւատքը՝ նուիրուած երիտասարդներուն, կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Աստուծոյ Ժողովուրդին ու համայն ընկերութեան համար, ի տես միշտ աւելիով երազուած սիրոյ քաղաքակրթութեան։

«Եկեղեցին ինքզինք կը դնէ երիտասարդներու ունկնդրութեան տակ, անոնց զգայունութեան, հաւատքին, տարակոյսներուն ու քննադատութիւններուն անսալու նպատակով» - ըսաւ Կարդինալ Պալտիսսերի ապա յայտնեց թէ այս կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ գումարուած երրորդ սիւնհոդոսը՝ ընտանիքի մասին գումարուած երկու սիւնհոդոսներէն ետք։

Կարդինալ Պալտիսսերի հուսկ նշեց թէ Սիւնհոդոսական նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 267 սիւնհոդոսական հայրեր, որոնց շարքին Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքներ, ու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու կողմէ ընտրուած եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ Հռոմի Քուրիայի՝ Վատիկանի Վերին իշխանութեան ներկայացուցիչներ։

Սիւնհոդոսական հայրերու շարքին կան Արեւելեան Եկեղեցիները ներկայացնող 15 Պատրիարքներ, ու Ինքնուրոյն Եկեղեցիներու Աւագ Եպիսկոպոսներ, Վատիկանի Վերին իշխանութեան 16 պատասխանատուներ, Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարն ու ենթաքարտուղարը, սովորական 15-րդ սիւնհոդոսի 15 անդամներ եւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու կողմէ ընտրուած 181 եպիսկոպոսներ, ապա Քահանայապետական անուանումով 41 մասնակիցներ։ Ապա կան 23 մասնագէտներ ու 49  «ունկնդիրներ» որոնց շարքին են 18-29 տարեկան 34 երիտասարդներ։ Ծիրանաւորը ապա նշեց թէ կան նաեւ քոյր եկեղեցիներու ութը ներկայացուցիչներ ի նշան թէ Եկեղեցական հասարակութեան կամքին՝  գործելու միասին հասնելու համար Յիսուսի Քրիստոսի ցանկացած տեսանելի միութեան։

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին նպատակն է «Ընկերանալ երիտասարդներուն կեանքի ուղեւորութեան՝ դէպի հասունութիւն, որպէսզի զատորոշումի գործընթացի մը ընդմէջէն անոնք կարողանան վերագտնել իրենց կեանքին ծրագիրը ու զայն իրականացնեն ուրախութեամբ, բացուելով Աստուծոյ ու մարդոց հետ հանդիպումին եւ գործնական կերպով մասնակցելով Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան կերտումին» ինչպէս հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 2016-ի Հոկտեմբեր 6-ին, սիւնհոդոսի գումարումին առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2018, 12:18