Որոնել

Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

«Եկեղեցին պէտք է ունկնդրէ ու վկայէ».Սիւնհոդոսի առաջին օրուան նիս

«Ունկնդրութիւն» այս է բառը որ յաճախ հնչեց սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ:

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ունկնդրութիւն» այս է բառը որ յաճախ հնչեց սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ՝ «Երիտասարդներ հաւատք եւ կոչումի զատորոշում» բնաբանով վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի  4 հոկտեմբերի աշխատանքին նիստերու ընթացքին։  Արդարեւ ունկնդրութենէ է որ յառաջ կու գայ Եկեղեցւոյ կարողութիւնը դիմագրաւուելու երիտասարդներուն հարցերով։ Երիտասարդները այսօր կը փնտռեն երկխօսութիւն ու  մասնակցութիւն, անոնք կարիքը ունին մէկու մը որ մտիկ ընէ անոնց ու զանոնք հասկնայ եւ առաջնորդէ որպէսզի աւելի լաւ ճանչնան իրենք զիրենք ու միջավարը որուն մէջ կ՛ապրին եւ ասոր համար կարիքը կայ նաեւ աւետարանութեան կենդանի վկաներու նշեցին եպիսկոպոսները։  

Ունկնդրութիւն բառէն զատ շեշտը դրուեցաւ նաեւ «վայրին» վրայ ուր եկեղեցին պէտք է գործէ եւ իրականացնէ այդ ունկնդրութիւնը։ Հարցը արդարեւ չի կայանար սպասելու մէջ որ երիտասարդները եկեղեցի գան  այլ ինչպէս ընել որ Եկեղեցին երթայ երիտասարդներուն մօտ։ Ժողովրդապետութիւնը դառնալու է հանդիպումի վայր՝ բոլոր երիտասարդներուն համար, կորսուած, շփոթած, թշուառ, գաղթական…ու զանոնք ունկնդրելով միասին նայիլ ապագային։ Անհրաժեշտ է առ այդ եկեղեցւոյ նոր վերաբերմունք մը՝ որ վստահութիւն, մօտիկութիւն ու յոյս ներշնչէ երիտասարդներուն։ 

Երկխօսութեան հովուական ընթացք մը որ հեռու ըլլայ կղերապաշտութիւնէն։ Աստուած ներկայ է երիտասարդին մէջ  ու «երիտասարդները պէտք չէ միայն կառուցեն եկեղեցին այլ ըլլան եկեղեցի» հաստատեցին սիւնհոդոսական հայրերը ու ասկէ մեկնելով ներողութիւն խնդրեցին, որովհետեւ որպէս Եկեղեցի  եւ Աստուծոյ ժողովուրդ չի կարողացան պատշաճ կերպով ներգրաւել երիտասարդները, ներողութիւն որովհետեւ շատ անգամ հեռու եղան անոնցմէ։ 

«Յիսուսէն մի հրաժարիք մեր պատճառաւ» կոչ ուղղեցին եպիսկոպոսները երիտասարդներուն, մի հրաժարիք Անորմէ որ ձեզի կու տայ իսկական երջանկութիւնը։ Մի հրաժարիք եկեղեցիէն, այլ օգնեցէք անոր որ միշտ աւելիով հաւատարիմ դառնայ իր կոչումին, շեշտեցին սիւնհոդոսական հայրերը։  

Այլ կեդրոնական նիւթերէն մին հանդիսացաւ «Ընտանիքը» որ է վայրը ուր կը փոխանցուի հաւատքը ու սնունդ կ՛առնէ սէրը, վստահութիւնը, երկխօսութիւնն ու ներումը։ Ժողովակները յատուկէն յիշեցին նաեւ գաղթականները, որոնք յաճախ երիտասարդներ են ու թիրախ չարաշահումներու։  Եկեղեցին մօտիկ ըլլալու անոնց եւս որոնք կարիքն ունին ընտանեկան ջերմութեան ու սիրոյն։ 

Շօշափուած նիւթերու շարքին չէր կրնար պակսիլ նաեւ եկեղեցւոյ մէջ գործուած չարաշահումներուն նիւթը, որ յաճախ  երիտասարդներուն մէջ կը յարուցէ անվստահութիւն եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու նկատմամբ։ Սոյն հարցը պէտք է դիմագրաւի քաջութեամբ, ներողութիւն հայցելով եպիսկոպոսներու ու կղերականներու  յանցանքներուն ու ձախողութիւններուն համար, ապա ամէն ջանք դափուի  պաշտպանելու համար երիտասարդները։  

Ժողովական հայրերը անդրադարձ կատարեցին նաեւ բազմաթիւ տառապող երիտասարդներու մասին, որոնք թիրախ են «մնացորդացի մշակոյթին», անտեսուած ու թիրախ մոլութիւններու։ Այս ուղղութեամբ Եկեղեցին պէտք է սորուի աւելիով մտիկ ընել անոնց, որովհետեւ հարցերը չեն լուծուիր արգելքներու կիրառումով, այլ խթանելով զատորոշումի ուղեւորութիւն մը, նշեցին եպիսկոպոսները երիտասարդներուն մօտենալու վայր ու գործիք համարելով նաեւ մարզանքը ուր հարկաւոր է վերամշակել Մարզանքի Հովուական խնամակալութիւնը, որպէսզի մարզանքի արժէքներն ու բարոյական կանոնները վտանգի չենթարկուին։ 

Եկեղեցին պարտականութիւնը ունի երիտասարդներուն հետ խօսելու անոնց ոճով ու լեզուով, դիմագրաւելով այսօրուան հարցերը, որոնց շարքին նաեւ «սեռականութեան» հարցը, եւ այս ծիրէն  ներս հարկաւոր է նաեւ հովուական բարեփոխում  մը որ կարող ըլլայ երկխօսութիւն հաստատելու անոնց հետ որպէսզի անոնք վերագտնեն եկեղեցւոյ մէջ ունեցած վստահութիւնը, դիտել տուին սիւնհոդոսի հայրերը առաջարկելով կազմել երիտասարդներուն յատկացուած յատուկ քահանայապետական խորհուրդ մը։ 

Ի վերջոյ շեշտը դրուեցաւ նաեւ ծիսակատարութիւններու ու աղօթքի վրայ որ անհրաժեշտ տարրեր են  եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ու անոր առաքելութեան համար։ «Աղօթքը երկխօսութիւն է Աստուծոյ հետ, լռութիւն եւ ունկնդրութիւն է»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2018, 10:30